Արտասովոր շուքով եւ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ Յունաստանի անկախութեան 142-րդ տարեդարձը։
Արշալոյսին՝ Լիքավիթոսի բարձրունքէն արձակուած թնդանօթի 21 հարուածներով նշուեցաւ տօնը։ Նոյն ժամուն բանակի, նաւատորմի, օդանաւորդութեան եւ Աթէնքի քաղաքապետութեան նուագախումբերը սկսան շրջիլ մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներուն վրայ եւ հնչեցնել ազգային քայլերգը։ Բոլոր շէնքերն ու հրապարակները զարդարուած էին հելլէն ազգային դրօշակով։ Ժողովուրդը կանուխէն տեղ գրաւած էր դիտելու համար տողանցքը։ Նոյն պահուն մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած էին դիւանագիտական մարմնի անդամները, զինուորական առաքելութեանց ներկայացուցիչները, կուսակցակապետերը եւայլն։ Ապա եկաւ վարչապետ պրն. Գարամանլիս եւ նախարարները։ Վերջին ժամանեցին Յունաստանի եւ Տանմարքայի արքայական ընտանիքներու անդամները։ Տեղի ունեցաւ գոհաբանական արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Ամէն. Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոսի եւ մասնակցութեամբ Սուրբ Սինոդի անդամներուն։ Մասնաւոր հրաւէրով, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Յունաստանի մայր եկեղեցւոյ արարողութեանց ներկայ գտնուեցաւ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, ընկերակցութեամբ առաջնորդական փոխանորդ արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեանի։ Սրբազանը տէր հօր հետ հին պալատ ուղղուելով՝ յունահայութեան կողմէ ջերմօրէն շնորհաւորեց վեհապետը։
Երգի ու պարի աշխարհի ամէնէն խստապահանջ եւ արժէքաւոր սրահներէն Միլանոյի Սքալա թատրոնին մէջ ներկայացուած է «Գայլը» բեմապարը, որու բեմական զարդարանքը եւ տարազները յղացած, գծած ու գործադրել տուած է հայ նկարիչ Գառզու։ Հանդիսատեսները եւ արուեստի մամուլը գնահատած են բեմապարը, որու համար Փարիզէն յատկապէս հրաւիրուած էր Ռոլան Փըթի պարախումբը։ Գառզու գացած է Միլանօ՝ անձամբ հսկելու համար բեմական զարդարանքի եւ տարազներու առաջին ներկայացումը։