«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի տեղեկատու սպասարկութեան համաձայն, վարչապետ Խրուշչեւ ազդարարած է խորհրդային բոլոր ժողովուրդներուն, թէ հարկ է սխալ չմեկնաբանել «ապաստալինականութիւնը»:

«Ապաստալինականացում»-ը չի նշանակեր գաղափարաբանական եւ քաղաքական ազատութիւն: «Ապաստալինականացում»-ը պէտք չէ ենթադրել տայ, թէ՝ «թուլցած են կառավարական սանձերը»: Խորհրդային մամուլի, գրականութեան եւ մշակոյթի մարմիններէն եւ աշխատաւորներէն կը պահանջուի «անշեղ հաւատարմութիւն՝ համայնավար սկզբունքներուն եւ կուսակցութեան հանդէպ»: Խրուշչեւ խստիւ դատապարտած է Էլիա Էհրենպուրկի եւ Եւկենի Եւտուշենկոյի նման ազատախոհ գրագէտները, որոնք վերացական արուեստը կը պաշտպանեն ու նաեւ խոտորումներ ցոյց կու տան ընկերվարական իրապաշտութեան ոգիէն: Խրուշչեւ այս յայտարարութիւնները կատարած է Քրեմլինի մէջ, խորհրդային բարձրաստիճան ղեկավար դէմքերու, կուսակցական եւ մշակութային մարզերու մէջ տիրական դէմքերու ներկայութեան: Խորհրդային մամուլը հրատարակած է այս յայտարարութիւնները: Արեւմտեան դէտերու համաձայն, Խրուշչեւի յայտարարութիւնները կը ձգտին զսպել խորհրդային կեանքի մէջ ի յայտ եկած ազատական ձգտումները, որոնք կը քաջալերուէին ապաստալինացման պատճառով:

 

Կեսարիայէն կը գրեն: Տեառնընդառաջի տօնը  սովորական հանդիսութեամբ եւ ջահավառութեամբ շատ լաւ անցաւ: Երեկոյեան ժամերգութեանց նախագահեց եւ յաջորդ առաւօտ պատարագեց եւ քարոզեց Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեանը: Մեծ պահոց 8-րդ օրն է: Անցեալ Չորեքշաբթիէն ի վեր Արեւագալի երգեցողութիւնները եւ Կիրակի երեկոյեան Եկեսցէի արարողութիւնները կանոնաւորաբար կը կատարուին։ Ժողովուրդէն 90 առ հարիւրը ծոմապահութիւն կը կատարէ: Ապուխտագործութեան աշխատանքները վերջացած ըլլալով՝ ժողովուրդը գործէ քաշուած է, հանգիստ ու խաղաղ կ՛ապրի եւ առտու իրիկուն եկեղեցին կը լեցնէ: