Թրքական «Թասվիր» թերթը կը գրէ, թէ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Անի Կասեր, որ հիւրաբար Պոլիս կը գտնուի նուագահանդէսներ տալու համար, ծեծ կերած է Պոլսոյ «Ենի Սապահ» թերթի տէր Սաֆա Գըլըճօղլուէն, որ կը փնտռուի ոստիկանութեան կողմէ:

«Թասվիր» թերթը կու տայ այդ առթիւ հետեւեալ մանրամասնութիւնները.- Անի Կասեր, որ Փարիզի մէջ 13 տարի երաժշտութիւն ուսած եւ միջազգային արժէքի մը տիրացած է իր սարքած նուագահանդէսներով, Պոլսոյ մէջ սարքելիք նուագահանդէսներուն համար օրերէ ի վեր կ՛աշխատի ընտանեկան վաղեմի բարեկամի մը տան մէջ, Նըշանթաշ, Էմլաք պողոտայ, Արման յարկաբաժին մը: Այդ յարկաբաժինը, որ կը պատկանի Վարդանեան անունով հայու մը, դէմ առ դէմ կը գտնուի Սաֆա Գըլըճօղլուի յարկաբաժինին հետ: Մանկամարդ աղջիկը առջի գիշեր, երբ տանտէրերը սինեմա գացած էին, նորէն կ՛աշխատէր իր դաշնակին առջեւ, երբ դուռը զարնուած եւ սպասուհին այցեքարտ մը բերած է Անի Կասերի, որ տեսնելով, թէ քարտը Մ. Վարդանեանի ուղղուած էր, առանց կարդալու՝ սեղանին վրայ կը դնէ զայն ու կը շարունակէ աշխատիլ: Ետքէն յայտնի կ՛ըլլայ, թէ այդ քարտը սպառնալիք մը կը պարունակէր, «աղմուկը կտրելու, հակառակ պարագային գէշ պիտի ըլլայ»-ի ազդարարութեամբ: Տասը վայրկեան ետք կիցեր կը զարնուին դուռին: Դուռը բացուելուն պէս Սաֆա Գըլըճօղլու զայրոյթով ներս կը մտնէ, շիտակ դաշնակին կ՛երթայ, նոթաները կը պատռտէ ու աթոռակին վրայ նստած աղջկան ապտակ մը զարնելով՝ գետին կը փռէ զայն: Կը պնդուի, թէ Անի Կասեր դժուարաւ ազատած է Սաֆա Գը- լըճօղլուի կիցերէն ու հազիւ ինքզինք կրցած է փողոց նետել: Առաւօտուն դէպքը պահականոցին արձագանգած է ու մանկամարդ աղջիկը իսկոյն դատական բժիշկին է ղրկուած, ուրկէ տեղեկագիր ստացուած է, թէ «մէկ օրուան աշխատանքին արգելք կ՛ըլլայ, եօթը օրէն կ՛աղէկնայ»: Ասոր վրայ ոստիկանութիւնը ամէն տեղ փնտռած է Գըլըճլըօղլուն՝ զայն ակնյայտ յանցանքներու ատեանին յանձնելու համար, բայց չէ կրցած գտնել զայն: