Մարտ 10-ին, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակո  բեան նորակառոյց վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդաց Միութեան 14-րդ Պատգամաւորական Ժողովը։ Կեդր. Վարչութեան զեկուցաբեր ընկերը ժողովը բանալով պատգամաւորներուն բարի գալուստ եւ ժողովի աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթեց։ Անմիջապէս յետոյ, տեղի ունեցաւ Պատգամաւորականի դիւանի ընտրութիւն։ Ընկեր նախագահը ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորոգ վախճանեալ Կաթողիկոս Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ինչպէս նաեւ անցած մէկ տարուան ընթացքին մեզմէ անդարձ բաժնուած ընկերներու յիշատակը։ Ապա՝ յաջորդաբար ընտրուեցան հաշուեքննիչ մարմինը եւ բանաձեւերու յանձնախումբը։ Ժողովին կը մասնակցէին հինգ շրջաններ՝ տասը խումբերով, ընդամենը 22 օրինաւոր եւ 21 խորհրդակցական ձայնով։ Քոյր միութեանց եւ մամլոյ կողմէ ալ հրաւիրուած էին մէկական դիտող։ Այս յիսուն հայորդիները, քննեցին միութեան մէկ տարուան բարոյական եւ նիւթական գործունէութեանց պատկերը եւ նոր տարեշրջանի համար առին համապատասխան որոշումներ։ Բոլոր շրջանները ներկայացուցին իրենց տեղեկագրերը եւ հաշուեկշիռները։ Ժողովի ընթացքին ի յայտ եկաւ որ, անցեալ տարի, Երիտասարդացը արձանագրած է բացառիկ վերելք - թիւի յաւելում, ձեռնարկներու որակի եւ քանակի բարձրացում, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական գնահատելի աշխատանք։ Մասնաւորաբար, Գոքինիոյ «Աղբիւր-Սերոբ» խումբի կողմէ հրատարակուող «Հայորդիներ» պարբերաթերթը արժանացաւ բոլորի անվերապահ գնահատանքին։ Փոքր դադարէ մը ետք, ժողովը զբաղեցաւ նոր տարեշրջանին կիրարկուելիք դաստիարակչական ծրագրով։ Նոր պիւտճէի քուէարկութենէն ետք, Կեդր. Վարչութիւնը առանձնացաւ, տարուան լաւագոյն խումբին «Մրցանակ դրօշակ»ի մասին որոշում տալու։Այդ դրօշակին արժանի նկատուեցաւ Գոմոթինիի Արամ Արամեան խումբը։ Յետոյ, ընտրուեցաւ նոր տարեշրջանի Կեդր. վարչութիւնը եւ ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ»ով։