Վերջերս, մայրաքաղաք Երեւանի բարեզարդման խնդիրը օրակարգի վրայ ունեցած է, Հայաստանի Գրողներու Միութեան վարչութիւնը։

Ժողովականները, բոլորն ալ ծանօթ գրագէտներ, կարգ մը դիտողութիւններ ըրած են։ Արդիական քաղաքի մը պահանջները չի լրացներ, քաղաքին ճիշդ կեդրոնը դեռ կը գտնուին խարխուլ տնակներ, նեղ, անանցանելի փողոցներ։ Մայրաքաղաքը աղքատ է մարզարաններով, միւս կողմէ անկանոն ու անբաւարար է հանրային փոխադրութիւնը ու վերջապէս՝ «ճարտարապետութեան մէջ կը նկատուի միօրինակութիւն, գորշութիւն։ Քննադատութիւնները տեղին ու ճիշդ գտած է նիստին հրաւիրուած Երեւան քաղաքի խորհուրդին գործադիր կողմիտէին նախագահը՝ Գ. Հասրաթեան, որ այս առթիւ խօսած է ձեռք առնուելիք միջոցներու մասին։ Ներկայացուած է նաեւ քաղաքը բարեզարդելու նոր ծրագիրը։  

«Բնակչութեան իրաւացի դժգոհութիւնը յառաջացնող խաբելու եւ սխալ հաշուելու փաստերը» նկատի առնելով, Վերահսկիչ կոմիտէն որոշած է «վճռական միջոցներ ձեռք առնել» միսի առեւտուրը կանոնաւոր հիմերու վրայ դնելու համար։ Արդարեւ, պետական հսկիչները եւ «Սով. Հայաստան» թերթի թղթակիցները միասնաբար քննութիւն մը կատարած են, վերջերս, Երեւանի միսի խանութներուն մէջ, եւ տեսած՝ թէ մսագործներուն մեծ մասը առաջին կարգի միսին կը խառնեն երկրորդ կարգի միսեր եւ կամ՝ կը չարաշահեն գիներուն եւ կշիռքին վրայ։ 

Կիրովականի քիմիագործներուն յամառ փորձերը պսակուած են յաջողութեամբ։ Լուծուած է Արեւէն «քափրոն» ստանալու հարցը։ Մօտ տասը տարի է հայ գիտնականները փորձեր կը կատարէին արեւի լոյսէն նկարի համադրման եղանակով, քափրոնի աժան հումք՝ քափրոլաքտամ ստանալու համար։

 

Հայաստան հայրենիքն է «գանգլերոն» նոր

                դեղին, որ պատրաստուած է նուրբ օրկանական քիմիայի հիմնարկութեան կողմէ։