Փարիզի մէջ ներկայիս, Ֆրանսուազ Հարտիէնետք ամէնէն աւելի կը խօսուի երիտասարդ աստղի մը մասին, որ արագ քայլերով կը յառաջանայ գագաթնակէտը տանող ճամբէն:

Տասնութ տարեկան այս աղջիկը կը կոչուի Սիլվի Վարդան. պուլկարահայ է եւ ունի շատ գեղեցիկ ձայն մը: Թուիսթի եղանակներ կ՛երգէ ան եւ շատերու աչքին ըմբոստ երիտասարդութեան ներկայացուցիչն է. իր մասին գրութիւններ եւ նկարներ կ՛երեւին բազմաթիւ պարբերաթերթերու մէջ: Սակայն Սիլվի չ՛ուզեր, որ ուրիշներ սխալ գաղափար մը կազմեն իր մասին ու այս առթիւ հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է վերջերս մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին. - Շատեր կը զարմանան, թէ մէկ տարուան մէջ ինչպէ՞ս համբաւի տիրացայ: Սակայն այս յաջողութեան հասնիլը կարծուածին չափ դիւրին չեղաւ ինծի համար: 1962-ին անունս ոչ ոքի ծանօթ էր. մասնաւոր հաւաքոյթներու մէջ եղբօրս հետ կ՛երգէի, աւելի վերջ, բարեկամներու յանձնարարութիւններէն քաջալերուած ձայնապնակ մը լեցուցի: Երիտասարդութիւնը իսկոյն սկսաւ ինձմով հետաքրքրուիլ, եւ այս պարագան շատերու նախանձը գրգռեց իմ հանդէպ»:

 

Մաքս Պարոնեան Պրազիլիայէն կը գրէ.- Ուզատկօ քաղաքը ամբողջութեամբ զարդարուած էր ի պատիւ քաղաքապետ Հրանդ Սանազարի, որուն միամեայ պաշտօնավարութեան տարեդարձը տօնուեցաւ մեծ շուքով: Տոքթ. Հրանդ Սանազար շատ սիրուած ու յարգուած է բոլոր քաղաքացիներէն: Շինարար քաղաքապետ մը եղաւ ան եւ կը հետաքրքրուի քաղաքացիներու հոգերով. մինչդեռ այս ուղղութեամբ շատ անտարբեր գտնուած էին իր նախորդները: Հրանդ Սանազար քաղաքի կարեւոր պողոտաները  վերաշինեց՝ դիւրացնելու համար երթեւեկը. ճեմապարտէզներով գեղեցկացուց քաղաքը, բազմաթիւ դպրոցներ նորոգել տուաւ եւ ուժ տուաւ նաեւ հայկական վարժարանին, որուն հիմը դրած էր իր հայրը՝ Մարտիրոս Սանազար: Քաղաքին մէջ կայ նաեւ հայկական փոքր եկեղեցի մը: Հրանդ Սանազար ամէն տեսակէտով իր օժանդակութիւնը կը բերէ նաեւ տեղւոյն հայ գաղութին: