Յունիսի վերջաւորութեան Թեսաղոնիկէի Ս.  Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի ազգ. ծաղկոց-նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը, ստուար թիւով ծնողներու եւ կրթասէր երկսեռ հայրենակիցներու ներկայութեան։

Հայաստանի կրթական վիճակի մասին ընդհանուր գաղափար մը կու տայ «Սովետական Հայաստան»-ի Յունիս 28-ի խմբագրականը:

- Յուլիսի սկիզբը, Ակրոպոլիսի ստորոտը, Իրոտու Աթթիքու ամփիթատրոնին մէջ, հելլէն Ազգային Պետական օփերայի խումբին կողմէ  ներկայացուեցաւ Կունոյի հռչակաւոր «Ֆաուսթ» օփերան, որուն մէջ Մարկարիթի գլխաւոր դերը կը կատարէ աթենահայ տաղանդաւոր երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեան։ Ամփիթատրոնին մարմարեայ նստարանները ծայրէ-ծայր լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը,- աւելի քան երեք հազար հոգի, որոնց մէջ կային բազմաթիւ

- Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան Գոքինիոյ խումբերը տարիներէ ի վեր իրենց որդեգրած գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, կազմակերպած էին պաղպաղակասեղան մը, ի պատիւ Գոքինիոյ Ազգային-Զաւարեան Միացեալ վարժարանի շրջանաւարտ սան-սանուհիներուն։ Ներկայ էին՝ վարժարանի ուսուցչական կազմը, Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան կեդր. վարչութիւնը, Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան անդամ-անդամուհիները։ Օրուան

- «Սով. Հայաստան»ի թիւին մէջ, Երեւանցի մը՝Վ. Բաղդասարեան շատ ցաւալի իրողութիւն մը կը մատնանշէ.¬ Վերադաս մարմիններու անկազմակերպութեան պատճառով «Յունիսեան այս օրերին Երեւանի ոչ մի խանութում թարմ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն չկայ»։