- Յուլիսի սկիզբը, Ակրոպոլիսի ստորոտը, Իրոտու Աթթիքու ամփիթատրոնին մէջ, հելլէն Ազգային Պետական օփերայի խումբին կողմէ  ներկայացուեցաւ Կունոյի հռչակաւոր «Ֆաուսթ» օփերան, որուն մէջ Մարկարիթի գլխաւոր դերը կը կատարէ աթենահայ տաղանդաւոր երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեան։ Ամփիթատրոնին մարմարեայ նստարանները ծայրէ-ծայր լեցուած էին խուռն բազմութեամբ մը,- աւելի քան երեք հազար հոգի, որոնց մէջ կային բազմաթիւ

Աթենահայեր։ Նուագախումբը, բաղկացած՝ մօտաւորապէս 60 կտորներէ, կը ղեկավարէր հելլէն տաղանդաւոր խմբավար պրն. Էվանկելաթոս։ Մեֆիսթոֆէլի գլխաւոր դերը ստանձնած էր հելլէն ականաւոր պարիթոն պրն. Մոսխոնաս։ Տիկին Ծաղիկ Գազանճեան արուեստի նրբութիւնով կատարեց իր դերը եւ իր յղկուած ձայնին հմայքին տակ պահեց հազարաւոր ունկնդիրները, որոնց կրկնակի ծափահարութիւնները գնահատանքի արտայայտութիւններ եղան հայ տաղանդաւոր երգչուհիին համար։ Բուռն ծափահարութիւններ խլեցին նաեւ պրն. Մոսխոնաս եւ միւս գլխաւոր դերակատարները, ինչպէս նաեւ նուագախումբի ղեկավարը։ Դժբախտաբար, ամառնային անակնկալ անձրեւը, կէս գիշերուան ժամերուն, պատճառ եղաւ որ ներկայացման վերջին արարը ընդհատուի։

 

- Մայիսը կը նկատուի անձրեւներու ամիս։ Տարիներէ ի վեր քառասունէն յիսուն միլիմեթր եղած է անձրեւներուն միջին քանակը Արարատեան դաշտի, Մեղրիի եւ Արփայ գետին հովիտին մէջ, իսկ հարիւրէն 140 միլիմեթր Ամասիայի, Կալինինոյի, Ստեփանաւանի, Սեւանի, Թալինի, Արթիկի, Գորիսի եւ այլ վայրերու մէջ։ Այս տարի, սակայն, Մայիսին ութսունէն 120 միլիմեթր եղած է Արարատեան դաշտին, Արփայի հովիտին մէջ տեղացած անձրեւներուն միջին քանակը, իսկ 190-210 միլիմեթր Գորիսի եւ Ղափանի մէջ։ Վերջին 78 տարիներու ընթացքին, Երեւան այսքան անձրեւոտ եղանակ չէ տեսած։