- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Շիքակոյէն կը գրեն 14 Յուլիս թուականով.- Այսօր, 14 Յուլիսի 1963, Կիրակի, քաղաքիս «Կրենթ փարք»-ի ընդարձակ պարտէզին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան եւ տպաւորիչ հանդիսութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը նախագահ Քենըտիի կողմէ յայտարարուած «ԳԵՐԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹ»-ԻՆ:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Յ. Ճէլալեան գրութիւն մը գրած էր Ազատ Օրի էջերէն ուր կը նշէր.-
Անվիճելի իրականութիւն է այսօր Ֆիքսի «Առաքէլեան» մարզադաշտի բերած նպաստը Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութիւններուն եւ յաղթանակներուն։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Հայաստանի կրթական վիճակի մասին ընդհանուր գաղափար մը կուտայ «Սով. Հայաստան»ի Յունիս 18-ի խմբագրականը։ Այս տարուան ընթացքին գործադրութեան դրուած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան ծրագիրը։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Գավալայէն կը հեռագրեն թէ՝ պուլկարահայ նկարչուհի մը, Հիլտա Արթինեան (Արթինովա) իր տարեց մօր հետ, տրամաթիկ պայմաններու տակ Պուլկարիայէն փախուստ տալով Գավալա հասած եւ քաղաքական ապաստան խնդրած է, ինչ որ տրուած է իրեն եւ մօրը։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին՝ հայութեան անցեալ թէ ներկայ պատմութիւնն ու մշակոյթը ուսումնասիրելու եւ զանոնք դասաւանդելու համար Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ (Լոս Անճելըս), որոշուած է մէկ միլիոն տոլարի հանգանակութիւն մը սկսիլ անմիջապէս։