30 Յունիս 1963, Կիրակի երեկոյ, Պոսթընի «Պրետֆըրտ» պանդոկի սրահին մէջ, ընկերներու, համակիրներու եւ պատգամաւոր ընկերներու հաւատաւոր բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպական շըրջանի 70-րդ Պատգամաւորական ժողովի հրապարակային բացումը:

Ժամը ճիշդ 6:30-ին ժամանած են, յաջորդաբար, ամերիկահայոց առաջնորդ Հրանդ եպիսկոպոս, Մասաչուսեց նահանգի կառավարիչ Էնտիքաթ Փիպատի, քոնկրեսական Թովպըրտ Մաքտոնալտ, որոնք ներկաներուն կողմէ ընդունուած են յոտնկայս եւ ջերմ ծափահարութեամբ: Բացումը կատարած է Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Ա. Վարժապետեան, որ հրաւիրած է առաջնորդ սրբազանը՝ Տէրունական աղօթքով բանալու հանդէսը: Տոքթ. Վարժապետեան կարդացած է կառավարիչ Փիպատիի կողմէ 70-րդ Պատգամաւորական ժողովի առթիւ հրատարակուած յայտարարութիւնը, ապա խօսքը տուած է կառավարիչին, որ գեղեցիկ ու տպաւորիչ ճառ մը խօսած է եւ՝ յայտարարած. «Մենք՝ ամերիկացիներս, թերեւս ամէնէն աւելի կ՛ըմբռնենք ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութիւնը՝ անխտիր բոլոր ազգերուն համար, որոնց կարգին՝ ընտրեալ հայ ժողովուրդին: «Ազատութեան եւ անկախութեան իր իրաւունքէն բռնօրէն զրկուած հայ ժողովուրդը առանձին չէ սակայն իր դատին մէջ: Դուք ձեզ երբեք մինակ պէտք չէ զգաք այդ ուղղութեամբ: Կը հաւատամ խորապէս, որ կարելի չէ յաւիտենականացնել բռնութիւնները: Խիզախ ժողովուրդ մը, որպիսին է հայութիւնը, վստահօրէն վերստին պիտի տիրանայ իր կապուած իրաւուքներուն»:

 

Երբ 1965-ին վերջանայ Երեւանի ջերմաելեկտրակայայնին շինութիւնը, անիկա պիտի արտադրէ 550.000 քիլովաթ ելեկտրուժ, որ կը հաւասարի մօտաւորապէս Սեւան-Հրազդան ելեկտրակայաններու շարքին կարողութեան: Վերջերս բացումը կատարուեցաւ Երեւանի ջերմելեկտրակայանին առաջին բաժինին: