Յունիսի վերջաւորութեան Թեսաղոնիկէի Ս.  Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի ազգ. ծաղկոց-նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը, ստուար թիւով ծնողներու եւ կրթասէր երկսեռ հայրենակիցներու ներկայութեան։

Ներկայ էին նոյնպէս, գաղութիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան, Ազգ. Իշխանութեան, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ Կրթական  Յանձնախումբի անդամները։ Օրուան նախագահ ընկ. տոքթ. Աբր. Աբրահամեան հանդէսը բացաւ տպաւորիչ խօսքերով, բացատրելով հայ դպրոցին դերը արտերկրի հայութեան ազգ. դիմագծի պահպանման գործին մէջ։ Աշակերտութեան կողմէ շատ յաջող կերպով երգուած ՀՕՄի քայլերգէն եւ «Ով մեծասքանչ» խմբերգէն վերջ ուսուցչուհի տիկ. Մերի Մանուկեան կարդաց վարժարանի տարեկան տեղեկագիրը։ Դասաւանդուած են՝ ընթերցանութիւն, ընդօրինակութիւն, ուղղագրութիւն, բառերու բացատրութիւն, քերականութիւն, շարադրութիւն, արտասանու- թիւն, գրական վարժութիւններ եւ երգ։  Շնորհակալութիւն յայտնեց Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան որ հոգաց վարժարանի եւ աշակերտներու կարիքներուն եւ տիկ. Արմենուհի Աբելեանի, որ սիրայօժար ստանձնած էր օգնել իրեն։ Յաջորդաբար գործադրուեցաւ յայտագիր մը մանկական արտասանութիւններով, երգերով եւ հայկական պարերով։ Նախագահի հրաւէրով, կրթական յանձնախումբի կողմէ խօսք առաւ ընկ. Լեւոն Ճլկունի, որ շեշտեց ծաղկոցի անհրաժեշտութիւնը Թեսաղոնիկէի գաղութէն ներս։ Ապա տեղի ունեցաւ արտասանութեան մրցում մը, որուն մասնակցեցան երեք աղջիկ եւ երկու մանչ աշակերտներ։ Տէր Անուշաւան հօր նախագահութեան տակ կազմուած յատուկ յանձնախումբի մը թուագրութեան համաձայն առաջին հանդիսացաւ Արաքսի Աբելեան, երկրորդ՝ Սային Պարտիզպանեան, որոնք արժանացան ալպոմներու։ Փոքր նուէրներ ստացան նոյնպէս մնացեալ երեք մասնակցողները՝ Անժէլ Տուրղութեան, Եղիս Պագըրճեան  եւ Ստեփան Փափազեան։ Տէր հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ մանկական այս սիրուն հանդէսը եւ ներկաները մեկնեցան գոհունակ սրտով։