Աթենահայ շնորհալի երգչուհի Անահիտ Վարդանեան, Արեւմտեան Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքի «Լեմպախ Փալէ» սրահին մէջ, արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան փայլուն երգհանդէս մը տուած եւ ջերմօրէն ծափահարուած է ունկնդիրներուն կողմէ։

Գուրգէն Մեծատուրեան Փարիզէն կը գրէ.- «1961-ին, Լիզպոնի մէջ հաւաքուած 60 ազգերու սկաուտական շարժումին ներկայացուցիչները՝ միաձայնութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցին 1963-ի Համաշխարհային ճամպորին Աթէնքի մօտ, Մարաթոնի պատմական շրջանին մէջ կազմակերպելու յոյն սկաուտական միութեան առաջարկը։

Ձեռնարկներ կան, որոնք արուեստասէր հասարակութեան կողմէ անհամբերութեամբ կը սպասուին:

Լեհաստանի Լվով քաղաքի ամէնէն հին թաղերէն մէկուն մէջ կը գտնուի հայկական մայր եկեղեցին՝ փառաւոր շքեղութեամբ: Եկեղեցին կառուցուած է ԺԴ դարուն, հայ ճարտարապետական հին ոճով եւ Անիի եկեղեցիներու ոճին հարազատ ու գեղեցիկ նմոյշներէն մէկն է:

- Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, իր օգտաշատ գործունէութեան առանցքը ընդլայնելով՝ գեղեցիկ մտածումը ունեցած է Անթիլիասի հետզհետէ աճող հայաշատ կեդրոնին մէջ կազմակերպելու նոր մասնաճիւղ մը: Անձնուէր հայուհիներ, ընթացք տալով այս մտածումին, արձանագրուած են արդէն, նոր մասնաճիւղի անդամուհիներուն թիւը հասցնելով 70-ի: Հինգշաբթի, 6 Յունիս 1963-ին, Շրջանային վարչութիւնը հրաւիրած էր