Հայաստանի կրթական վիճակի մասին ընդհանուր գաղափար մը կու տայ «Սովետական Հայաստան»-ի Յունիս 28-ի խմբագրականը:

Այս տարուան ընթացքին գործադրութեան դրուած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան ծրագիրը: Դպրոցներուն, յատկապէս մէկէն ութերորդ դասարաններուն մէջ, զգալի կերպով շատցած է աշակերտներուն թիւը: Հանրակրթարաններու այս դասարաններուն մէջ աշակերտութեան թիւն է 357.000. 29.000 աւելի, քան՝ նախորդ ուսումնական տարին: Պաշտօնական մարմինները որոշ աշխատանքներ տարած են աղքատ երեխաները ձրի դասագիրքերով եւ հագուստով ապահովելու ուղղութեամբ: 1962-ին բացուեցան 46 դպրոցներ՝ 23.650 տեղով, 11 դպրոցներու կողքին լրացուցիչ կառուցումներ կատարուեցան: Ընդհանուր ութամեայ պարտադիր կրթութեան մասին օրէնքին նպատակն է ամէնէն առաջ դպրոցի գրասեղաններուն վրայ պահել 7-15 տարեկան բոլոր երեխաները: Դժբախտաբար, շատ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Էջմիածին, Աշտարակ, Մարտունի, Աբովեան, բոլոր երեխաները չեն, որ դպրոց կը յաճախեն: Այս ուսումնական տարուան ընթացքին հինգ հազար աշակերտներ դադրեցան դպրոց յաճախելէ՝ իրենց դասարանները կրկնած ըլլալուն պատճառով: Լուրջ թերութիւններ կան աշակերտներու սնունդի մատակարարման գործին մէջ: «Զգալի թիւով երեխաներ զրկուած են տաք նախաճաշ ստանալու հնարաւորութենէն»: 1962-1963 ուսումնական տարուան ընթացքին Հայաստանի յատկապէս գիւղական դպրոցներուն մէջ եղած է մանկավարժներու մեծ պակաս, որ նոյնպէս բացասական ազդեցութիւն ունեցած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան օրէնքին իրականացման վրայ:

Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 60-ամեակին առիթով ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Երեւանի մէջ: Ներկայացուած գիրքերը, լուսանկարները եւ այլ նիւթերը կը պատմեն երաժշտական արուեստին մեծատաղանդ երգահանին կեանքին ու գործունէութեան մասին: