- Նոր լոյս տեսաւ Գէորգ Գ. Քէշիշեանի «Ռոմանթիք Սայփրըս» հատորը, իր 11-րդ հրատարակութեամբ: Այս գործը Կիպրոսի մասին գրուած ներկայի բոլոր հեղինակութիւններուն մէջ լաւագոյնը կը նկատուի թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ՛ լայն հասարակութեան կողմէ: Գէորգ Քէշիշեան, որ Տէր Զօրի վերապրողներէն է, ծնած է Ատանա, 1909-ին եւ պատանի հասակին բերուած է Կիպրոս ու իր կրթութիւնը ստացած է Ամերիկեան ակադեմիային մէջ: Փոքր հասակէն

Ամերիկեան «Քրիսչըն Մայնս Մոնիթոր» թերթին Պոլսոյ թղթակիցը կը հաղորդէ, որ Արարատ լերան վրայ ձիւնհալը սկսած ըլլալով՝ Նոյեան Տապանը փնտռողները  վերստին շարժման անցած են: Թերթը կը շարունակէ. «Աստուածաշունչին մէջ յիշուած Նոյեան Տապանը փնտռողներուն այս տարուան յառաջապահը պիտի ըլլայ Ճոն Լէպի անունով, խիստ խառնուածքով քալիֆորնիացի մը: Ասիկա Նոյեան Տապանը փնտռելու համար Լէպիի չորրորդ

Երեւանի «Սեւան», «Երեւան» եւ «Արմենիա»  պանդոկներու կողքին, մօտ ատենէն պիտի կառուցուի նաեւ «Նայիրի»ն, որ պիտի ըլլայ Երեւանի մեծագոյն պանդոկը:

30 Յունիս 1963, Կիրակի երեկոյ, Պոսթընի «Պրետֆըրտ» պանդոկի սրահին մէջ, ընկերներու, համակիրներու եւ պատգամաւոր ընկերներու հաւատաւոր բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպական շըրջանի 70-րդ Պատգամաւորական ժողովի հրապարակային բացումը:

Ինքնատիպ ու այլապէս հայրենասէր բանաստեղծներուն դէմ պայքարը դեռ կը շարունակ- ւի: «Սովետական Հայաստան»-ի Յունիս 10-ի խմբագրականին մէջ հետեւեալը կ՛ըսուի Սարմէնի, Դաշտենցի եւ այլ գրողներու համար.