- «Սով. Հայաստան»ի թիւին մէջ, Երեւանցի մը՝Վ. Բաղդասարեան շատ ցաւալի իրողութիւն մը կը մատնանշէ.¬ Վերադաս մարմիններու անկազմակերպութեան պատճառով «Յունիսեան այս օրերին Երեւանի ոչ մի խանութում թարմ բանջարեղէն եւ կանաչեղէն չկայ»։
- Ճատրակի ախոյենութեան մրցումին եւ Տիգրան Պետրոսեանի յաղթանակին առիթով, Խ. Միութեան թղթատարական նախարարութիւնը հրապարակ հանած է նամակադրոշմերու յատուկ շարք մը, որոնցմէ մէկուն վրայ պատկերացուած է նոր ախոյեանին շահած ոսկի շքանշանը։
- «Վիմա» օրաթերթը իր մէկ թիւին մէջ կը գրէ. «Սովիէթ Միութեան տեղւոյս դեսպանը՝ պ. Քորիուկին, իր դիմումին վրայ գնաց արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ խօսակցեցաւ նախարարութեան Քաղաքական առաջին տնօրէնութեան տնօրէն պ. Խիմարիուի հետ, որպէսզի մեկնումի արտօնութիւն տրուի Յունաստան բնակող մօտաւորապէս երեք հարիւր հայերու, որոնք կը փափաքին սովիէթական Հայաստան երթալ՝ մնայուն կերպով հոն հաստատուելու համար։ Իմացուեցաւ թէ՝ արտաքին գործոց նախարութիւնը սկզբունքով առարկութիւն չունի եւ դժուարութիւն պիտի չյարուցանէ յիշեալ հայերու մեկնումին համար։
- Իր ծննդեան 60-ամեակին առթիւ, սովիէթական երաժշտութեան զարգացման մէջ իր աչքառու արժանիքներուն համար, Լենինեան կարգի շքանշան ստացած է հռչակաւոր երգահան Արամ Խաչատուրեան, որ արդէն Լենինեան Մրցանակի արժանացած էր։ Գիւղացի ընտանիքի զաւակ՝ Խաչատուրեանի գործերը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն որքան Ս. Միութեան նոյնքան նաեւ արտասահմանի մէջ։ Այդ գործերէն են՝ թիւ մէկ ու թիւ երկու սեմֆոնիները, ջութակի ու թաւջութակի համար գրուած իր քոնչերթոները, «Գայիանէ» ու «Սպարտակ» պալէներուն համար իր գրած երաժշտութիւնը։ Ծանօթ է, որ Խաչատուրեանի գործերը կը հմայեն իրենց անբաղդատելիօրէն յուզիչ մեղեդիներով, իրենց ներդաշնակութեան ուժգնութեամբ ու փայլով եւ նուագախմբային արտակարգ հնչեղութեամբ։