Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին՝ հայութեան անցեալ թէ ներկայ պատմութիւնն ու մշակոյթը ուսումնասիրելու եւ զանոնք դասաւանդելու համար Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ (Լոս Անճելըս), որոշուած է մէկ միլիոն տոլարի հանգանակութիւն մը սկսիլ անմիջապէս։

Այս ծրագրին իրագործումն ու յաջողութիւնը պատճառ պիտի հանդիսանան, որպէսզի վերոյիշեալ համալսարանին մէջ հայագիտութեան յատկացուած մնայուն աթոռ մը հիմնուի։ Այս աթոռը լաւագոյնս պիտի ծառայէ հայ ժողովուրդի 2500 տարուան պատմութեան ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման։ Այս համալսարանը երկորդն է Մ. Նահանգներու մէջ նման ծրագիրներու հետամուտ ըլլալու մէջ, առաջինը ըլլալով Քէյմպրիճ գըտնուող Հարվըրտ համալսարանը։ Զանազան նկատումներով է, որ Լոս Անճելըսի համալսարանը ընտրուած է որպէս կեդրոն հայագիտութեան դասաւանդութեանց։ Այս մասին խօսելով, պրն. Մանուկ Եանկ ըսած է, թէ «հոս կը գտնուի հոծ գաղութ մը, եւ կարելիութիւններ կան ընդարձակելու եւ արդիւնաւոր դառնալու։

Երեւանի «Սեւան», «Երեւան» եւ «Արմենիա» պանդոկներու կողքին, մօտ ատենէն պիտի կառուցուի նաեւ «Նայիրի»ն, որ պիտի ըլլայ Երեւանի ամենամեծ պանդոկը։ Ան պիտի ունենայ 12 յարկ ու պիտի բաղկանայ երկու հարիւր սենեակներէ։ Նոր պանդոկը իր սլացիկ շինուածքով եւ նորաձեւ ճարտարապետական յարդարանքով նոր տեսք մը պիտի տայ իր շրջապատին։


Յ
ունիս 27-ին Հայաստան հասած է 97 պարս
կահայերէ բաղկացած ներգաղթողներու նոր խումբ մը: Ասոնցմէ 12-ը հաստատուած են Հրազդան, մնացեալները՝ Կիրովական եւ Լենինական:


Վ
երջերս Երեւանի օփերային մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ յոյն ողբերգակ Սոփոկլեսի համանուն ողբերգութեան վրայ գրուած «Եդիպոս» օփերան, որուն հեղինակն է ամերիկացի երգահան Իկոր Սթրաւինսքի: