Գավալայէն կը հեռագրեն թէ՝ պուլկարահայ նկարչուհի մը, Հիլտա Արթինեան (Արթինովա) իր տարեց մօր հետ, տրամաթիկ պայմաններու տակ Պուլկարիայէն փախուստ տալով Գավալա հասած եւ քաղաքական ապաստան խնդրած է, ինչ որ տրուած է իրեն եւ մօրը։
Արթինեան պատերազմէն առաջ աւարտած է Սոֆիայի Գեղարուեստից Ակադեմիան եւ արագ վերելք ունեցած գեղարուեստական կեանքին մէջ։ Պատերազմէն ետք, երբ երկրին մէջ համայնավար կարգեր հաստատուած են, իշխանութիւնները պարտադրած են որ արուեստագէտները «ուղիղ գծին» հետեւին։ Հիլտա մերժած է հնազանդիլ։ Ասոր վրայ իրեն արգիլած են իր նկարները ցուցադրել պետական սրահներու մէջ։ Աւելի վերջ, նկարչութեամբ զբաղիլն ալ արգիլած են։ Իր բոլոր խնայողութիւնները սպառելէ եւ թշուա-ռութեան մատնուելէ ետք, Հիլտա Արթինեան որոշած է Պուլկարիայէն փախչիլ եւ Յունաստան ապաստանիլ։ Տարեց մայրը առնելով՝ գաղտնօրէն սահմանները անցած եւ Գավալա հասած է։ Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք թէ՝ նոր վեր- ջացած դպրոցական տարեշրջանին, Թեսաղոնիկէի մէջ, բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած եւ մասնաւոր գնահատանքի արժանացած են հետեւեալ հայուհիները.¬ Տիգրանուհի Մալխասեան, որ փայլուն յաջողութեամբ աւարտած է պետական գիմնազիոնը։ Սօսի Տերանեան, որ նոյնպէս յաջող կերպով աւարտած է ֆրանսական աղջկանց գոլէժը։ Իսկ Նատիա Մարուքէեան՝ իբրեւ բացառիկ կերպով ուշիմ ուսանողուհի, այս տարի եւս արժանացած է համալսարանական կրթաթոշակի։
Չորս տարի առաջ, 1959 Հոկտեմբերին, Գորիսի իր ծննդավայրին մէջ նշուած էր տարաբախտ գրագէտ Ակսէլ Բակունցի ծննդեան 60-ամեակը եւ այս առթիւ խօսք եղած էր Գորիսի մէջ հաստատելու Ակսէլ Բակունցի տուն-թանգարանը, քաղաքին փողոցներէն մէկը եւ դպրոց մը անոր անունով կոչելը եւ վերջապէս գրագէտին կիսանդրիին շինութիւնը։