Հայաստանի կրթական վիճակի մասին ընդհանուր գաղափար մը կուտայ «Սով. Հայաստան»ի Յունիս 18-ի խմբագրականը։ Այս տարուան ընթացքին գործադրութեան դրուած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան ծրագիրը։

Դպրոցներուն, յատկապէս մէկէն ութերորդ դասարաններուն մէջ, զգալի կերպով շատցած է աշակերտներուն թիւը։ Հանրակրթարաններու այս դասարաններուն մէջ աշակերտութեան թիւը եղած է 357.000, 2900 աւելի, քան նախորդ ուսումնական տարին։ Պաշտօնական մարմինները որոշ աշխատանքներ տարած են աղքատ երախաները ձրի դասագիրքերով եւ հագուստով ապահովելու ուղղութեամբ։ 1962-ին բացուած են 46 դպրոցներ՝ 230650 տեղով, 11 դպրոցներու կողքին լրացուցիչ կառուցումներ կատարուած են։ Ընդհանուր ութամեայ պարտադիր կրթութեան մասին օրէնքին նպատակն է ամէնէն առաջ դպրոցի գրասեղաններուն վրայ պահել 7-15 տարեկան բոլոր երախաները։ Դժբախտաբար, շատ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս Էջմիածին, Աշտարակ, Մարտունի, Աբովեան բոլոր երախաները չեն, որ դպրոց կը յաճախեն։ Այս ուսումնական տարուան ընթացքին, հինգ հազար աշակերտներ դադրած են դպրոց յաճախելէ, իրենց դասարանները կրկնած ըլլալուն պատճառաւ։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին, հանրակացարաններուն թիւը աւելնալու տեղ պակսած է։ «Հանրակացարաններուն թիւը կրճատուած է 22-ով, եւ այս այն պարագային երբ շատ մը աշակերտներ 10-15 քլմ. ճամբայ կը կտրեն եւ կամ ստիպուած կը թողուն դպրոցը»։ Լուրջ թերութիւններ կան աշակերտներու սնունդի մատակարարման գործին մէջ։ «Զգալի թիւով երախաներ ղրկուած են տաք նախաճաշ ստանալու հնարաւորութենէն»։ 1962-63 ուսումնական տարուան ընթացքին Հայաստանի յատկապէս գիւղական դպրոցներուն մէջ եղած է մանկավարժներու մեծ պակաս, որ նոյնպէս բացասական ազդեցութիւն ունեցած է ութամեայ պարտադիր կրթութեան օրէնքին իրականացման վրայ։