Կիպրոսի մէջ կացութիւնը կը մնայ լարուած:  Յունական բոլոր թերթերը յոռետես են Լոնտոնի համաժողովին տալիք արդիւնքին մասին: «Էլեֆերիտ» թերթը կը թելադրէ լքել Լոնտոնը եւ դիմել Ազգերու դաշնակցութեան ժողովին:

Հայ Գթութեան Խաչի Գավալայի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, այս տարի, Կաղանդին օրը, Տօնածառի գեղեցիկ հանդէս մը կազմակերպուեցաւ եկեղեցիին կից իր սրահին մէջ։

Կիրակի 12 Յունուար, տեղի ունեցաւ Տուրղութիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը, նախանցեալ տարիներունը գերազանցող խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեան։

1900-ին Թէոդոսիոյ մէջ վախճանեցաւ մեծահռչակ ծովանկարիչ՝ Յովհաննէս Այվազովսքի, 83 տարեկանին, փառքով, շքեղանքով ու պարծանքով բեռնաւոր, ու մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիին գաւիթը:

Ֆրանսական պատկերասփիւռը անցած Չորեքշաբթի իր «Ընթերցումներ բոլորին համար» յայտագրին մէջ ներկայացուցած է նաեւ ֆրանսական «Սթոք» հրատարակչականին նոր լոյս ընծայած «Վարդանանք»ը ֆրանսերէնով: