Յունուարի սկիզբը «Ազատ Օր»ի կողմէ տեսակցութիւն մը ունեցանք ամերիկահայ տաղանդաւոր ու համակրելի դաշնակահարուհի օր. Լուսի Իշխանեանի հետ, որ մէկ օր առաջ ժամանեց Աթէնք, դասախօսութիւններու եւ նուագահանդէսներու շարք մը տալու համար։

Շնորհալի արուեստագիտուհիին հետ մեր հանդիպումը տեղի ունեցաւ իր հօրաքրորդոյն ու մեր բարեկամին՝ պրն. Վահէ Գալայճեանի բնակարանին մէջ ու տեւեց մօտ մէկ ժամ, սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Օր. Իշխանեան սեւ աչքերով ու յօնքերով ու ժըպտուն դէմքով շատ ներկայանալի հայուհի մըն է, հայ՝ սրտով ու հոգիով։ Իր ծնողքը՝ 1917-ին ապաստանած են Ամերիկա, ուր ծնած է ինք։ Շատ փոքր տարիքէն բուռն սէր մը ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ։ ՆԵրկայիս կþուսանի Գոլումպիա համալսարանին մջ եւ կը հետեւի նաեւ հայագիտական դասընթացքին։ Իբրեւ թէզ ընտրած է հայ երաժշտութիւնը։ Հայագիտական դասընթացքի հետեւողները կը սորվին նաեւ գրաբար։ Օր. Իշխանեան եւս սորված է ոչ միայն մեր նոր լեզուն, այլ նաեւ հինը։ Մօտաւորապէս տարի մըն է որ օր. Իշխանեան, համալսարանի թոյլտուութեամբ եւ ամերիկեան կառավարութեան ծախքով, մասնաւոր հրաւէրով կը շրջի զանազան երկիրներ, նուագահանդէսներ տալով եւ դասախօսութիւններ ընելով։ Երկու անգամ այցելած է Հայաստան, ուսումնասիրելու համար հայկական հին ձայնագրութիւնը։ Այս երկու առիթներով՝ նուագահանդէսներ տուած է զանազան քաղաքներու մէջ, ուր արժանցած է ջերմ գնահատանքի։ Աթէնք եկած է Պէյրութէն։ Նուագահանդէսներ եւ դասախօսութիւններ պիտի տայ զանազան քաղաքներու մէջ։ Օր. Իշխանեան հպարտ է հայ ըլլալուն համար եւ ամէն տեղ կը յայտարարէ իր հայկական ծագումը։ Հակառակ Ամերիկայի մէջ ծնած եւ մեծցած ըլլալուն, սահուն եւ անթերի հայերէն կը խօսի եւ կը գրէ։ Իր մայրենի լեզուէն եւ անգլերէնէն զատ կը խօսի նաեւ՝ ֆրանսերէն, սպաներէն եւ ռուսերէն։