Ձայնասփիւռէն լուր տրուեցաւ թէ Յունուար 15-ին, Լոնտոնի մէջ, համագումար տեղի պիտի ունենայ երեք պետութեանց (Անգլիա, Յունաստան, Թուրքիա) եւ Կիպրոսի երկու մեծ համայնքներուն ներկայացուցիչներուն միջեւ՝

վերաքննութեան ենթարկելու Ցիւրիխի եւ Լոնտոնի մէջ կնքուած համաձայնութիւնը, որով Սահմանադրութիւն մը պատրաստուեցաւ եւ Կիպրոս կղզին անկախ հանրապետութիւն հռչակուեցաւ։ Մակարիոս սրբազան այս Սահմանադրութեան շարք մը յօդուածները անգործադրելի կամ անարդար նկատելով, կ'ուզէ որ բարեփոխուին, իսկ թուրքերը կ'ըսեն որ, այդ յօդուածները իրենց ապահովութեան համար դրուած են (բացի երկու յօդուածներէ, որոնք նոր առաջարկներ են սրբազանին կողմէ եւ որեւէ թուրք հակառակ չի կրնար ըլլալ ատոնց) եւ եթէ խախտին, իրենք գերի կը դառնան յունաց։ Մակարիոս սրբազանի 13 առաջարկներէն ամենակարեւորները թուենք, հակիրճ կերպով. 1. Ջնջել նախագահին եւ փոխ-նախագահին վեթոյի իրաւունքը արտաքին քաղաքականութեան հարցերու մէջ։ 2. Ջնջել տուրքերու եւ քաղաքապետութիւններու մասին անցնելիք որեւէ օրէնքի յոյներէն առանձին եւ թուրքերէն առանձին մեծամասնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութեան պայմանը։ 3. Միացած քաղաքապետութիւններ ունենալ։ 4. Դատարանները միացուին։ 5.Ջնջել կառավարական պաշտօններու մէջ 70 առ հարիւր յոյնի եւ 30 առ հարիւր թուրքի տեղ տալու յօդուած։ Թուրքերը կղզիի բնակչութեան հազիւ 19 առ հարիւր կը ներկայացնեն։ 6. Ջնջել «Յունաց համայնքային տան» գոյութիւնը։ Երկու առաջարկներ՝ նախագահին ժամանակաւոր բացակայութեան հետեւանքով, կամ որեւէ պատճառաւ գործը վարելու ի վիճակի չըլլալուն, փոխ նախագահը անցնի տեղը որպէս փոխանորդ եւ նոյնը օրէնսդրական ժողովի նախագահին եւ փոխ¬նախագահին համար։ Թուրքերը սիրով պիտի ընդունին ըստ ներկայ Սահմանադրութեան։ Ներկայիս, վէճերը սուր են եւ շատ դժուարութիւններ հարթելէ վերջ միայն կարելի պիտի ըլլայ ընդհանուր հասկացողութիւն մը, մանաւանդ որ Մակարիոս սրբազան կþառաջարկէ նաեւ կղզիէն հեռացնել յունական եւ թրքական բանակները եւ ջնջել այդ պետութիւններուն հետ Կիպրոսի կնքած դաշնագրութիւնները։ Կառավարութեան այժմու քաղաքական մեթոտը միայն Անգլիոյ հետ դաշնակցիլ է։