Հայ Գթութեան Խաչի Գավալայի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, այս տարի, Կաղանդին օրը, Տօնածառի գեղեցիկ հանդէս մը կազմակերպուեցաւ եկեղեցիին կից իր սրահին մէջ։
Ներկայ էին՝ Գավալայի բոլոր հայրենակիցները իրենց փոքրիկներով։ Տեղի ունեցան յաջող արտասանութիւններ ու երգեր եւ փոքրիկներուն բաժնուեցան զանազան նուէրներ։ Տեղի ունեցաւ նաեւ գաթայի աճուրդ մը, որ բարձրացաւ 1001 տրախմիի։ Քաղաքիս յարգուած ու սիրուած ազգայիններէն պրն. Տ. Պլէճեանի թոռնիկը՝ Տիգրան Մաթոսեան, տեսնելով որ իր հարազատները իր անունով աճուրդի կը մասնակցին, ձեռքը գըրպանը տարաւ եւ «ե՛ս ալ դրամ ունիմ» ըսելով հանեց ու մէկ տրախմին տուաւ։ Այսպէսով՝ աճուրդը, որ հազար տրախմիի հասած էր, 1001-ով մնաց իր վրայ, ներկաներու ծափերուն մէջ։ Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ զուարթ մթնոլորտի մէջ եւ փակուեցաւ Հ. Գթ. Խաչի շնորհաւորանքով։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Հ. Գթ. Խաչի երգեցիկ խումբը գեղեցիկ սովորութիւնը շարունակելով՝ շրջեցաւ ազգակիցներու բնակարանները, անոնց աւետելու համար Փըրկիչին Ս. Ծնունդը։ Խումբը ամէնուն կողմէ արժանացաւ սիրալիր ընդունելութեան եւ առատաձեռն վարձատրութեան։ Շրջագայութենէն գոյացաւ կոկիկ գումար մը, որուն կէսը յատկացուեցաւ Թաղական խորհուրդին եւ կէսն ալ՝ Հ. Գթ. Խաչին։ Շնորհաւորելի են երգեցիկ խումբի բոլոր անդամները, որ այսպէսով թէ հայրենի աւանդութիւն մը կը վերապրեցնեն եւ թէ հաւաքուած նուէրներով Թաղականութեան եւ Գթ. Խաչին մեծ օգտակարութիւն կ'ունենան։
Ճրագալոյցին եւ Ս. Ծննդեան Ա. օրը քաղաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց շրջանի շրջուն հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեան։ Այս առթիւ, Թաղական խորհուրդը Քսանթիէն հրաւիրած էր պրն. Դաւիթ Պետրոսեան եւ Գոմոթինիէն պրն. Յակոբ Գալայճեանը, որոնց շնորհիւ ներդաշնակ երգեցողութեամբ տեղւոյս աղջիկներն ու տղաքը կատարեցին Ս. պատարագի եւ ջրօրհնէքի արարողութիւնները։