Կիրակի 12 Յունուար, տեղի ունեցաւ Տուրղութիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը, նախանցեալ տարիներունը գերազանցող խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեան։

Օրեր առաջ, թաղամասի Թաղական խորհուրդը եւ եկեղեցասիրաց Տիկնանց մարմինը լծուած էին աշխատանքի, մատաղի նուիրատուութիւները հաւաքելու եւ հանդիսաւոր կերպով կատարելու համար եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը եւ հայկական աւանդութիւն դարձած մատաղաբաշխումը։ Պէտք է խոստովանիլ, որ այս տարի, հակառակ Տուրղութիի գաղթակայանի հայ բնակիչներու մեծ մասին ուրիշ թաղամասերու բազմաբընակարանները փոխադրուած ըլլալուն, մատաղի նուիրատուութիւնները գերազանցեցին նախանցեալ տարիներունը, մեծ յաջողութեամբ պսակելով Թաղային խորհուրդին եւ Տիկնանց մարմնոյ կողմէ թափուած աշխատանքները։ Շաբաթ երեկոյ, առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւնը, որմէ ետք կատարուեցաւ աղօրհնութիւն եւ տասնեակ մը գառնուկներու եւ խոյի մը զենումը։ Նոյնքան թիւով մորթուած գառնուկներ նուիրուած էին բարեպաշտ ազգայիններու կողմէ։ Տիկնանց մարմնոյ անդամները, իրենց հետ ունենալով այլ հայուհիներ, Գարակէօզեան հաստատութեան ճաշասրահին մէջ, Շաբաթ գիշերուան մինչեւ ուշ ժամերուն, պատրաստեցին մատաղի 1400 ծրարիկներ եւ հայկական աւանդական բրինձեղինձը։ Կիրակի առաւօտեան ժամերէն Ս. Կարապետ եկեղեցին եւ շրջաբակը լեցուն էր հաւատացեալներու աննախընթաց բազմութեամբ։ Հաւատացեալներ եկած էին Աթէնքէն, Գարէայէն, Քալիթէայէն, Մոսխաթոյէն, Ծիծիֆիէսէն եւ այլ շրջաններէ։ Պատարագիչն էր առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Տ. Սահակ եպիսկոպոս։ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ դպրաց դասուն կողմէ, ղեկավարութեամբ տիկին Ալիս Ֆարաճեանի։ Եկեղեցական արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւնը ու ապա ծրարիկները բաժնուեցան հաւատացեալներուն։ Նաեւ մատաղի ծրարիկներ ուղարկուեցան Գոքինիոյ եւ Իլիուփոլիսի ծերանոցները։