1900-ին Թէոդոսիոյ մէջ վախճանեցաւ մեծահռչակ ծովանկարիչ՝ Յովհաննէս Այվազովսքի, 83 տարեկանին, փառքով, շքեղանքով ու պարծանքով բեռնաւոր, ու մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիին գաւիթը:
1886-ին տօնուեր էր իր գեղարուեստական գործունէութեան յիսնամեակը, յաջորդ տարի՝ 1887-ին ընտրուեր էր պատուոյ անդամ Գեղարուեստից ակադեմիային, 1897-ին ալ տեսեր էր իր ծննդեան ութսուներորդ տարեդարձին ու իր գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակի հանդիսութիւններն ու տօնակատարութիւնները: Յովհաննէս Այվազովսքի եղած է նկարիչներու ամէնէն բազմաբեղուններէն մին՝ 63 տարուան մէջ արտադրելով շուրջ 6000 նկար ու կազմակերպելով 100-է աւելի ցուցահանդէս, որոնց հասոյթը ընդհանրապէս կը յատկացնէր բարեգործական նպատակներու: Իր հրաշակերտները այսօր կը զարդարեն աշխարհի նշանաւոր թանգարանները՝ Ս. Փեթերսպուրկի Էրմիթաժէն մինչեւ Ամերիկա, ու նաեւ՝ անհատներու հաւաքածոները: Իր անուան նկարասրահ մը գոյութիւն ունի Թէոդոսիոյ մէջ: Յիշատակի մեծավայելուչ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան 1950-ին, իր մահուան յիսնամեակին առիթով: Այվազովսքի իր ակադեմական աշխատանքին սկսաւ մանրակրկիտ կերպով սերտելով ռուս նկարիչներու բնանկարները, մասնաւորապէս՝ Սիլվեսթըր Ֆ. Շչեթրինի եւ իր ուսուցչին Մաքսիմ Ն. Վորոպնովի պաստառները: Սկսաւ դասականէն՝ յետոյ անցնելու համար վիպական քնարականին ու որպէս վիպապաշտ՝ մեծ դեր խաղաց ռուսական ծովանկարչութեան զարգացման մէջ: Մեր մէջ ալ ծովանկարիչ Վարդան Մախոխեանի պաստառները ցոյց կու տան որոշ ազդեցութիւնը Յովհաննէս Այվազովսքիի:
Երեւանի արուեստանոցը պատրաստած է նոր ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէ գեղանկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի կեանքը եւ արուեստը: Դիտելով ժապաւէնը՝ հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի նկարիչին կեանքին եւ բեղմնաւոր գործունէութեան: