Նիկոսիա բաժնուած կը մնայ երկու մասերու եւ մէկ կողմէն միւսը անց ու դարձ չկայ։ Անգլիացի բաւարար թիւով զինուորներ քոնթրոլ կ'ընեն, ինքնութեան թուղթերը ճշդելով։

Հայ Երիտասարդաց Միութեան շէնքին տասնըմէկ սենեակներէն տասը բանակը իր տրամադրութեան տակ առած՝ կը գործածէ, իսկ մէկը միութեան ձգած է եւ անդամներ կը յաճախեն հոն։ Խիստ քաղաքավար կը վարուին մեր տղոց հետ։ Թրքաց թաղերը տակաւին մնացող հայերը, զինուորական ինքնաշարժներու առաջնորդութեամբ, կը պարպեն իրենց բնակարանները եւ կþանցնին յունաց թաղերը՝ իրենց շարժական կարասիներով։ Ցարդ, 21 հայ տուներ,- թրքաց թաղերէն - մասամբ կամ բոլորովին կողոպտուած են...։ Երբ մեծերուն բողոք կþըլլայ մեր կողմէ, շատ բարեացակամօրէն կը խոստանան առաջքը առնել եւ յանձաւորները պատժել։ Պարպուած կարգ մը տուներու մէջ թուրք ընտանիքներ, որոնք ձգած փախած են իրենց տեղերէն կը զետեղուին։ Յանձնախումբ մը կը հսկէ այս գործին եւ մերիններուն խոստացած են, ատենը գալուն, տուները պարպել տալ։ Կղզիին ամէն կողմը, թուրք ոստիկաններ եւ ոստիկան-զինւորներ, որոնք խառն կը մնային յունաց հետ, կը լքեն իրենց տեղը եւ կը քաշուին։ Մակարիոս սրբազան թղթակիցներու յայտնեց որ, խաղաղութիւնը վերահաստատուելուն, ոստիկաններէն եւ ոստիկան-զինուորներէն բոլոր անոնք, որոնք պիտի չկարենան օրինաւոր պատճառներ ցոյց տալ իրենց բացակայութիւններուն համար, պաշտօնէ պիտի դադրեցուին։ Այսօր, տարաձայնութիւն կայ յունաց կողմը, թէ թուրքերը, կրակմար հռչակած են իրենց թաղերուն մէջ։ Կղզիին ընդհանուր դրութիւնը, ապահովութեան տեսակէտով, քայլ առ քայլ կը յառաջանայ, սակայն, տակաւին լարուած վիճակ մը կը շարունակէ յոռետեսութիւն պատճառել շատերուն, մանաւանդ տնտեսական տեսակէտով։ Թրքաց կողմը կամ սահմանին վրայ գտնուող 50-60 հայկական խանութները, առջի մէկ օրէն փակ կը մնան եւ պատնէշները վերցուած են։