Կիպրոսի մէջ կացութիւնը կը մնայ լարուած: Յունական բոլոր թերթերը յոռետես են Լոնտոնի համաժողովին տալիք արդիւնքին մասին: «Էլեֆերիտ» թերթը կը թելադրէ լքել Լոնտոնը եւ դիմել Ազգերու դաշնակցութեան ժողովին:
Կողմերը կը մնան իրարմէ հեռու բեւեռներ՝ քաղաքական իրենց պահանջներուն մէջ: Յոյները բացարձակ անկախութեան գաղափարը ընդգրկած են՝ փոքրամասնութիւններուն մարդկային իրաւունքները յարգելու խոստումներով: Թուրքերը բաժանումի տեսակէտը կը պաշտպանեն՝ ֆետերասիոն ձեռք անցընելու յոյսով, եւ առ այդ, հոն, ուր որ յոյներու հետ խառն կ՛ապրին գիւղերու մէջ, կը ստիպեն իրենց տեղացիները, որ լքեն տուն տեղ եւ անցնին զուտ թրքաբնակ գիւղեր: Ցարդ 4-5000 հոգի տեղահան եղած է: Ճիշդ է, որ Կիպրոսի խռովութիւնները սկսելէն ի վեր, մեր գաղութը մարդկային զոհ չտուաւ, սակայն տասնեակ հազարաւոր ոսկիներու հասնող վնասներու ենթարկուեցաւ եւ կը շարունակէ ենթարկուիլ… Իսկ հոգեկան տագնապը՝ օրուան եւ ապագայի անորոշութեանց հանդէպ, մռայլ վիճակ մը ստեղծած է: Ըստ կառավարութեան յայտարարութեան, Նիկոսիոյ հայոց ներկայ դրութիւնը հետեւեալն է. 1.- 241 հայ ընտանիքներ պարպած են իրենց բնակարանները թրքական թաղերէն, մէկ մասը՝ բռնի: 2.- Հայերու սեփականութիւնը եղող 54 տուներ բռնագրաւուած են թուրքերու կողմէ: 3.- 24 հայկական բնակարաններ մասամբ կամ ամբողջովին կողոպտուած են: 4.- Կողոպտուած են հայկական երեք խանութներ: 5.- Տակաւին 12 խանութներ գոց կը մնան եւ տէրերը չեն թոյլատրուիր զանոնք պարպելու: 6.- Միայն 10 ընտանիքներ կը մնան այժմ թուրքերու կողմը: Պարպուած բոլոր տուներուն մէջ, առհասարակ, թուրք տեղահան եղողներ զետեղուած են. երբեմն երկու կամ աւելի ընտանիք՝ մէկ տան մէջ: Շուրջ 7-900 հայեր անցած են յունական թաղերը՝ տուն եւ խանութ գտնելու եւ բարձր ամսականներ վճարելու հարկադրանքներով: Ազգային վարժարանն ալ եկեղեցւոյ շրջափակէն փոխադրուած է յունաց կողմը: Հակառակ բոլոր պատահածներուն՝ մեր հայրենակիցները ստոյիկեան պաղարիւնութեամբ մը կը տանին այս նոր տեղահանութիւնը: