Հին Հայաստանի նշանաւոր պատմաբան Մովսէս Խորենացիի երեք մեթրնոց յուշարձանը պիտի կանգնի Երեւանի Մատենադարանին առջեւ։

Հոկտեմբերի սկիզբը, Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցաւ Տարիքոտ Հայ Գաղթականներու նորակառոյց Նանսէնեան Տան պաշտօնական բացումը՝ ի ներկայութեան Հիւսիսային Յունաստանի նախարար պրն. Թալիատուրոսի, Նորվեկիոյ խնամատարական նախարար պրն. Օլաֆ Երեվոլի, ՄԱԿ-ի Գաղթականաց Գրասենեակի բարձր կառավարիչ իշխան Սատրուտի Աղա Խանի, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեանի, Թեսաղոնիկէի Թաղական Խորհուրդին, եւայլն։

Մուսա Լերան հերոսամարտի տարեդարձը շքեղօրէն տօնուեցաւ Այնճարի զովասուն ծառաստանին մէջ, անհամար բազմութեան մը ներկայութեան, ու ինչ որ գնահատելի երեւոյթ մը կը հանդիսանայ՝ կատարեալ կարգապահութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Շունչդ տուր, հոգիդ, բայց քո հայրենիքը միտար թշնամեաց... Խաչատուր Աբովեանի այս խօսքերը կը յիշեն գրեթէ բոլոր այցելուները, երբ մտնեն գրագէտին ծնած տունը, որ ներկայիս վերածուած է թանգարանի։

Լուրերու ֆրանսական գործակալութեան թղթակցի տեղեկութեանց համաձայն, Հոկտեմբեր 16-ին, Թուրքիայէն պիտի հեռացուին 1018 հելլենահպատակներ, որոնց Թուրքիա բնակութեան պայմանաժամը աւարտած էր Սեպտեմբեր 16-ին։