Հին Հայաստանի նշանաւոր պատմաբան Մովսէս Խորենացիի երեք մեթրնոց յուշարձանը պիտի կանգնի Երեւանի Մատենադարանին առջեւ։
Մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած 40 նախագիծերուն մէջ առաջնութիւն շահած է քանդակագործ Երեմ Վարդանեանի նախագիծը եւ արուեստագէտը ներկայիս կ'աշխատի յուշարձանին վրայ որ պիտի ըլլայ երկաթաքարէ։ Հանդարտ ու մեծաշուք, ոտքի կանգնած Մովսէս Խորենացին, կուրծքին սեղմած է «Հայաստանի Պատմութիւնը», որ բազմաթիւ եւրոպական լեզուներու թարգմանուած իր գլխաւոր գործն է։
Առեւտուրի նախարարութեան մէջ, Յունաստանի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ պիտի ստորագրուի առեւտրական նոր համաձայնութիւն մը, երեք տարուան տեւողութեամբ։ Երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող նախորդ համաձայնութիւնը աւարտած էր 1962 Դեկտեմբերին եւ անկէ ի վեր երկարաձգուած էր նամակներու փոխանակութեամբ։ Համաձայնութեան ստորագրումէն ետք, յայտարարութիւն պիտի հրատարակուի Մոսկուայի եւ Աթէնքի մէջ։
ՄԱԿ-ի նոր միջնորդ պրն. Փլաթա յայտարարեց՝ թէ Անգարայի մէջ թուրք ղեկավարներուն հետ իր խօսակցութիւնները տեղի ունեցած են անկեղծ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ու սառոյցը կոտրած է, հակառակ այս խօսակցութեանց նախապատրաստական բնոյթին։ Պրն. Փլաթա աւելցուց՝ թէ մտադիր է մօտ ատենէն կրկին երթալ թրքական մայրաքաղաքը, ուր վարչապետ պրն. Ինէօնիւի հետ իր ունեցած խօսակցութիւնները եղած են շատ շահեկան ու շինարար։ Պրն. Փլաթա շեշտեց՝ թէ Անգարա երթալէ առաջ, Մակարիոս Արքեպիսկոպոսի ընթացքին մէջ նկատած էր փոփոխութիւն մը, որ հարկադրաբար չի կրնար Կիպրոսի տագնապի լուծման նախանշան նկատուիլ։ Պրն. Փլաթա կրկին շեշտեց՝ թէ կը յուսայ, Նոյեմբերի վերջերը կամ Դեկտեմբերի սկիզբները իր տեղեկագիրը ներկայացնել ՄԱԿ-ի ընդ. քարտուղարին։