Վարազդատ Քիւփճեանի ստորագրութեամբ
կը կարդանք հետեւեալ գրութիւնը.- Իրենց առաքելութիւնը լրիւ կատարելէ ետք, փակուեցան Թեսաղոնիկէի եւ Աթէնքի աշակերտական կազդուրման կայանները, կամ ժողովրդական բառով՝ քէմփերը։

Հայ դասական գրագէտները մեծապէս գնահատելով թատրոնին դերը ժողովուրդին կեանքին մէջ՝ ամէն կերպ կ՛օգնէին թատերական մշակոյթին զարգացման:

- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք 4 Օգոստոս 1964 թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Ի գիտութիւն հաւատացեալ հայ ժողովրդեան՝ կը ծանուցենք, թէ Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը պաշտօնական հրաւէր ստացած է Եթովպիոյ կայսեր Հայլէ Սելասիէ Ա.ի կողմէ՝

(Շար.)
Խարոյկահանդէսին պահուն արիներ ու գայլիկներ իրենց լրիւ տարազով կոկիկ են ու կարգապահ։ Մօտ մէկ ժամ տեւող հանդիսութեան մը ընթացքին արիները կը զուարճացնեն ներկաները իրենց խաղերով, պարերով, յունական եւ հայկական զաւեշտներով, ուր իրենց թաքուն շնորհները ի յայտ կը բերեն ապագայի յոյսեր ներշնչելով։

Հոգեկան անխառն հրճուանքով ու խոր գոհունակութեամբ կը լեցուինք, երբ մեր սկաուտ խմբապետները հերոսական ճիգերով, ի գին շատ մը զոհողութիւններու, գլուխ կը հանեն սկաուտական բանակումի դժուարին գործը,