Մուսա Լերան հերոսամարտի տարեդարձը շքեղօրէն տօնուեցաւ Այնճարի զովասուն ծառաստանին մէջ, անհամար բազմութեան մը ներկայութեան, ու ինչ որ գնահատելի երեւոյթ մը կը հանդիսանայ՝ կատարեալ կարգապահութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ պատարագ մատուցեց եւ խօսեցաւ իմաստալից քարոզ մը՝ վեր առնելով հայ ժողովուրդի անմահութեան գաղափարը եւ ըմբոստ ոգին: Ներկայ էին՝ պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրմեան եւ Անտրէ թապուրեան, շրջանի ազգային երեսփոխանները՝ Բիւզանդ Թիւթիւնճեան եւ Գէորգ Էմմիեան, կուսակցական ղեկավար ընկերներ ու երեւելի ազգայիններ, որոնք հիւրն էին Այնճարի ազգային եւ կուսակցական մարմիններուն: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Պերճ Մսըրլեան խօսեցաւ գեղեցիկ ճառ մը՝ վեր առնելով հայ ժողովուրդի բարոյական արժէքները, ազատատենչ ու ըմբոստ ոգին ու ոգեկոչելով Մուսա Լերան հերոսամարտին ինկած նահատակներուն յիշատակը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աւանդական հերիսայի օրհնութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդը բոլորուեցաւ սեղաններու շուրջ: Մինչ մէկ կողմէ կերուխումը տեղի կ՛ունենար, բեմին վրայ, մուսատաղցի պարմանիներ ու պարմանուհիներ հրամցուցին հայկական պարեր ու երգեր՝ բացառիկ գեղեցկութեամբ: Յաջորդաբար խօսք առին՝ Մովսէս Տէր Գալուստեան, որ իր բաժակաճառի ընթացքին յուզիչ դրուագներ յիշեց քառասնօրեայ ապստամբութենէն, Պերճ Մսըրլեան, որ շեշտեց ապստամբութեան ղեկավարներուն անձնազոհութիւնը՝ իբրեւ մղիչ ուժը հերոսամարտին, տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, որ պանծացուց ՀՅ դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ կազմակերպիչը ապստամբութեան, Կարօ Սասունի, որ խոր հաւատքով արտայայտուեցաւ հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային մասին, ու ի վերջոյ՝ սրբազան հայրը, որ դրուատեց լիբանանցի ազնիւ ժողովուրդն ու անոր իմաստուն ղեկավարները: