Կիպրոսի հայ գաղութի ողբալի վիճակին առիթով կիլիկեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի եւ առաջնորդ Հրանդ սրբազանի կոչին ընթացք տալով՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատուարժան հոգաբարձութեան եւ Արսէն քհնյ. Յակոբեանին ջանքերով
Ֆիլատելֆիոյ մէջ կազմուեցաւ Կիպրահայ օգնութեան յանձնախումբ մը, որ անմիջապէս գործի անցնելով՝ ձեռնարկած է հանգանակութեան: Յանձնախումբը կոչ ուղղեց մեր գաղութին՝ խնդրելով իր սրտագին աջակցութիւնը այս առիթով: Դիմում պիտի կատարուի ամէնուն անխտիր: Աւելորդ կը համարենք անդրադառնալ նպատակին վեհութեան եւ անմիջական կարիքի մասին, նկատելով, որ երկու կոչերով որոշ կերպով բացատրուած է այս անյետաձգելի գործին նպաստելու անհրաժեշտութիւնը:
Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր, կէսօրէ առաջ տեղի ունեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ կառուցուելիք համանուն մեծ ու գեղակերտ եկեղեցւոյն հիմնարկէքի հո- գեպարար արարողութիւնը, որուն կը նախագահէր թեմիս բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, շրջապատուած՝ գրեթէ ամբողջ քահանայից դասով: Նոր Ատանայի հայութեան համար պատմական նշանակութիւն ունեցող ազգային-կրօնական այս ուրախառիթ ու տպաւորիչ հանդիսութեան ներկայ էին նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյն բարերար Պօղոս Նաճարեան եւ իր ազնուափայլ կինը, եկեղեցւոյ ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեան եւ բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ: Սրբազան հայրը, շրջապատուած քահանայ հայրերով, 16 կնքահայրերով ու դըպրաց դասով, կարգաւ մի առ մի հանդիսաւորապէս օրհնեց եկեղեցւոյն 16 սիւներուն հիմերը՝ նուիրուած Քրիստոսի 12 առաքեալներուն եւ չորս աւետարանիչներուն: Ապա սրբազան հայրը օծեց ու օրհնեց 16 սրբատաշ սպիտակ մարմարէ խաչքարերը, որոնք զետեղուեցան սիւներու հիմերուն մէջ: Նոյն միջոցին բարեպաշտ ազգայինի մը կողմէ նուիրուած ոչխար մը կը զենուէր օրհնուող հիմերուն վրայ: