Լուրերու ֆրանսական գործակալութեան թղթակցի տեղեկութեանց համաձայն, Հոկտեմբեր 16-ին, Թուրքիայէն պիտի հեռացուին 1018 հելլենահպատակներ, որոնց Թուրքիա բնակութեան պայմանաժամը աւարտած էր Սեպտեմբեր 16-ին։

Անոնք մէկ ամիս պայմանաժամ ստացած էին, մեկնումի պատրաստուելու համար։ Ամէն պարագայի մէջ, «Ճիւմհուրիէթ» թերթին համաձայն, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը թոյլ պիտի տայ, որ ասոնցմէ ոմանք ատեն մը մնան։ Այս թոյլտուութենէն պիտի օգտուին 65 տարեկանէն վեր եղողները, ուսուցիչները, ուսանողները, այն ամուսինները որոնց կինը կամ ամուսինը թրքահպատակ է կամ հելլէն չէ։

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամէն. Տ. Եղիշէ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան, որ վերջերս, Ս. Յարութեան տաճարի նորոգութեան ի նպաստ նուիրահաւաքութիւններ կատարելու նպատակով հարաւային եւ հիւսիսային Ամերիկաները այցելելէ ետք վերադարձած էր Երուսաղէմ, անկէ անցած է Փարիզ եւ Սեպտեմբեր 25-ին, ցերեկին, օդային գծով մեկնած է Էջմիածին, Մոսկուայի ճամբով։ Պատրիարք սրբազանը Էջմիածնէն վերադարձի ճամբուն վրայ, կրկին պիտի անցնի Փարիզէն։

Անկաշկանդ Երկիրներու ղեկավարներու խորհրդաժողովին մասնակցելու համար «Կալէպ» զբօսանաւով Աղեքսանդրիա ժամանեցին Եուկոսլաւիոյ նախագահ մարաջախտ Թիթօ եւ եուկոսլաւական պատուիրակութեան անդամները։ Մարջախտ Թիթօ ընդունուեցաւ փոխ-նախագահ փ. Զաքարիա Մոհիէտինի կողմէ եւ մասնաւոր կառաշարով ուղղուեցաւ դէպի Գահիրէ, ուր ընդունուեցաւ նախագահ Նասըրի կողմէ։ Երկու նախագահները բաց ինքնաշարժով ուղղուեցան այն պանդոկը, ուր պիտի բնակի մարաջախտ Թիթօ խորհրդաժողովի տեւողութեան։ Գահիրէ կը սպասուին Մակարիոս արքեպիսկոպոս, պրն. Պէն Պելլա եւ պրն. Սուվանա Ֆումա։ Թուրքիա դիտողներ պիտի ղրկէ։ Անոնք պիտի բացատրեն Կիպրոսի հարցը ժողովականներուն։