Թեսաղոնիկէի Միջազգային Ցուցահանդէսի տնօրէնութեան հրաւէրով՝ «Հելլենական Շարժանկարի 5-րդ Շաբաթ»ին հետեւելու համար, Ուրբաթ օր Աթէնք կը ժամանէ Ֆրանսահայ հռչակաւոր բեմադրիչ Անրի Վերնէօյ (Աշոտ Մալաքեան), ընկերակցութեամբ շարժանկարի ծանօթ աստղ՝ Անտրէ Փարիզիի։ Պ. Մալաքեան եւ Անտրէ Փարիզի Շաբաթ օր կը մեկնին Թեսաղոնիկէ, ուր այս տարուան Շարժանկարի փառատօնին մէջ, կը ներկայացուի նաեւ հայազգի բեմադրիչին պատրաստած «Հարիւր հազար տոլար արեւուն տակ» ժապաւէնը, որուն գլխաւոր դերակատարն է Անտրէ Փարիզի եւ որուն կը մասնակցին նաեւ՝ Ժան Փոլ Պելմոնտօ եւ Լինօ Վենտուրա։ Օդանաւակայանին մէջ, արուեստագէտ զոյգը ընդունուեցաւ աւելի քան տասնեակ մը լրագրողներու կողմէ եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն։ Վերնէօյ յայտնեց՝ թէ ինք ֆրանսացի չէ, այլ հայ եւ բուն անունով կը կոչուի Մալաքեան։ Ծնած է Ռոտոսթօ։ 1922-ին, հազիւ երկու տարեկան, ծնողքին հետ ապրած է Յունաստան։ Յետոյ անցած է Ֆրանսա։
Յունաստանի Կոնստանդին թագաւորի ամուսնութեան առթիւ, Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը հետեւեալ շնորհաւորական հեռագիրը յղեց Նորին Վեհափառութեան.¬
«Առ նորին վեհափառութիւն
Կոնստանդին թագաւոր Յունաստանի, Ձեր ամուսնութեան երջանկաբեր առիթով, կը խնդրենք, որ ընդունիք յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդին՝ Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւններն եւ լաւագոյն մաղթանքները Ձեր  Վեհափառութեան եւ Ձեր շնորհալի կողակցին  Աննա¬Մարիա Թագուհւոյն երջանկութեան համար։
Կþաղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած՝ որ օրհնէ Ձեր ամուսնական միութիւնը եւ պահպանէ միշտ իր սուրբ հովանիին ներքեւ հելլէն մեծ ժողովուրդը, որուն կը մաղթենք փառաւոր եւ բարգաւաճ կեանք Ձերդ վեհափառութեան շքեղաշուք իշխանութեան օրով»։


ԽՈՐԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ