Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղարութիւնը մամուլին յանձնած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Այս ֆոնտը մեծագոյն ֆոնտն է տիկին Սոֆիա Յակոբեանի 260,000 տոլարի նուիրատուութենէն ետք, զոր կը ստանայ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը: Տէր եւ տիկին Պօղոս Տէր Պետրոսեաններ արդէն վերոյիշեալ ֆոնտին անվերակոչելիօրէն փոխանցած են մօտ 70,000 տոլար արժողութեամբ բաժնեթուղթեր: Կտակարարներու անցնումէն ետք, իրենց բովանդակ նիւթական հարստութիւնը պիտի աւելնայ Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ֆոնտին վրայ եւ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը պիտի ըլլայ միակ մատակարարը: Այս ֆոնտը անձեռնմխելի է: Միայն եկամուտին 75 առ հարիւրը պիտի գործածուի կրթական նպատակներու, մնացեալ 25 առ հարիւրը միշտ պիտի բարդուի մայր գումարին վրայ, որ շատ պատկառելի գումար մըն է: Հայ կրթական հիմնարկութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր Փետրուար 19, 1964-ի նիստին միաձայնութեամբ ցմահ պատուոյ անդամ հռչակեց Պօղոս եւ Եղիսաբէթ Տէր Պետրոսեանները: Եւ այս առիթով, կրկին անգամ եւ հրապարակային կերպով, մեր խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ազնիւ եւ ազգանուէր բարերարներուն՝ այն յոյսով, որ ուրիշներ պիտի հետեւին անոնց զմայլելի օրինակին:
«Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ֆոնտ»ը անունը առած է երիտասարդ Հրատէն, որ 21 տարեկան ծաղիկ հասակին զոհ գացած է ինքնաշարժի արկածի մը, Ամերիկայի մէջ: Կրթական Հիմնարկութեան քարտուղար Բ. Կռանեան հետեւեալ կենսագրական տողերը կը գրէ հանգուցեալին մասին.- Հրատ Վան Տէր Պետրոսեան ծնած էր Մարտ 15, 1916, Պոսթըն: Իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ իր ծննդավայրին մէջ եւ շարունակելով իր ուսումը երկրորդական եւ բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ՝ 1933-ին շրջանաւարտ եղաւ Պոսթընի Լատին վարժարանէն՝ փայլուն արդիւնքներով: Ուսանողութեան շրջանին եղաւ սիրուած ընկեր մը եւ գործօն աշակերտ: