Երկուշաբթի օր, հելլէն մամլոյ ներկայացուցիչները, ասուլիս մը ունեցան հայազգի հռչակաւոր երգահան եւ երաժշտագէտ Արամ Խաչատուրեանի հետ, որ պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն։ Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ տիկին եւ որդի Խաչատուրեանները։ Երեքշաբթի օր բոլոր թերթերը հրատարակեցին իրենց աշխատակիցներուն յօդուածները եւ տպաւորութիւնները։ Ստորեւ, թարգմանաբար կուտանք հելլէն թերթերու աշխատակիցներու գրութիւններէն քաղուածքներ, մեզի աւելի շահեկան թուած մասերը առնելով առաւելաբար։ Այսպէս՝ «Թօ Վիմա» կը գրէ.- «Արամ Իլիչ Խաչատուրեան, միջազգային երաժշտական ելոյթներու մէջ սովիէթական յօրինումի երկու մեծ դեսպաններէն մէկը ¬ միւսը՝ ինչպէս ըսաւ, իր «բարեկամ» եւ «ըմպելիի ընկերը» Տիմիթրի Սոսթակովիչն է ¬ այս տարի իր ներկայութեամբ կը պատուէ Աթէնքի ֆէսթիվալը։ Դժբախտաբար, հելլէն մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպման պայմանները շատ իտէալական չէին ¬ հասաւ քիչ մը յապաղումով եւ ձայնասփիւռի Ազգային հիմնարկի սենֆոնիկ նուագախումբին հետ իր փորձէն յոգնասպառ ¬ խօսելու համար ամբողջ աշխարհի մէջ ժամանակակից երաժշտութեան խնդիրներուն եւ յատկապէս Խորհրդային Միութեան մէջ երաժշտական ստեղծագործութեան մասին։ Հպարտութեամբ յիշատակեց պաշտօնապէս ճանչցուած 2500 սովիէթ երգահանները եւ խօսեցաւ այն մեծ տաղանդներուն մասին։ Հպարտութեամբ ուզեց պարզել՝ թէ Խոր. Միութեան մէջ ինչպէս կը զատուին ու կը տարածուին երաժշտական գործերը, կարծես թէ կը խօսէր սովորոյթներու մասին պզտիկ հայրենիքի մը, գրեթէ գիւղի մը, որ ամբողջ աշխարհն է իրեն համար։ Յատկանշականօրէն ըսաւ.- «Քննադատութիւնը՝ մեր կեանքի օրէնքն է»։ Եւ հոգեկան հրճուանքով խօսեցաւ իր աշխատանքի հանգստաւէտ պայմաններու մասին։ Քանի կը խօսէր, մարդ այնքան կը համոզուէր, որ հոգիի խորքին մէջ ժողովրդական աշուղ մնացած Արամ Խաչատուրեանի համար, Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան առաջին հետեւանքը եղած է իր հոգիի Հայաստանի սահմաններու ընդլայնում մը...»։