Շաբաթ եւ Կիրակի 3 եւ 4 Յուլիս 1965ին փառաշուք արարողութիւններ տեղի ունեցան Հալէպի  Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան նախագահեց առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ապա կատարեց մատաղցու ոչխարներու օրհնութիւնը: Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութիւնը եւ յատուկ յանձնախումբեր մինչեւ առաւօտ զբաղեցան մատաղի պատրաստութեամբ: Յաջորդ օր՝ Կիրակի առաւօտեան, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց Ղեւոնդ Արքեպիսկոպոս: Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ՝ ներդաշնակ կերպով եւ ղեկավարութեամբ դպրապետ Հրայր Մանուկեանի: Սրբազան Հայրը հոգեշունչ քարոզ մը խօսեցաւ՝ ներկայացնելով Ս. Լուսաւորչի գործունէութիւնը եւ կատարած մեծ բարիքը՝ հայ ազգին: Ապա մաղթանքներ ըրաւ Հայց. եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ նուիրապետական աթոռներու անսասանութեան համար: Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, որ եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար կþաղօթեն հայ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները, Ս. Էջմիածնէն՝ Ոսկան Աբեղայ եւ թաղի եկեղեցւոյ նոր քարոզիչը՝ Մեսրոպ Վարդապետ: Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը կենաց փայտը ի ձեռին թափօրով յառաջացաւ բակ եւ հոգեհանգիստ կատարեց, օրհնեց մատաղը, զոր ժողովուրդը երկիւղածութեամբ եւ կարգապահութեամբ առաւ եւ տարաւ տուն: Կէսօրին, «Մարտիկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Ներկայ էին Մեսրոպ Վարդապետ, Ոսկան Աբեղայ, քահանայ հայրեր, թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան անդամները, Ազգ. «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի տնօրէնը, եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան եւ դպրաց դասի անդամները: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ խօսք առին եկեղեցական հայրեր եւ ազգայիններ եւ բաժակներ առաջարկեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր կենացը եւ յաջողութեան մաղթանքներ ըրին Մեսրոպ վարդապետին: Ճաշկերոյթը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքով եւ հաւաքաբար երգուած «Հայր Մեր»ով: