Հայ ժողովուրդն ու հայկական մշակոյթը համաշխարհային հռչակի արժանացնող եւ միջազգային արուեստասէր հասարակութեան սիրելի դարձնող մեծանուն հայերու փաղանգին մէջ, իր բարձրադիր պատուանդանը ունի Արամ Խաչատրեան, որուն ծննդեան 110ամեակը կը տօնենք Յունիս 6ի այս օրը։
Հայ թէ օտար արուեստաբաններու ընդհանուր եւմիաձայն գնահատականով՝
Արամ Խաչատրեան 20րդ դարու երաժշտական արուեստի խոշորագոյն ներկայացուցիչներէն է, որ իրաւամբ կը նկատուի «հայկական նոր կոմպոզիտորական դպրոց»ի հիմնադիրը:
Մեծատաղանդ եւ ոգեշունչ արուեստագէտը եղաւ Արամ Խաչատրեան, որ իր բարձրարուեստ ստեղծագործութեամբ եւ խմբավարի, մանկավարժի եւ նուիրեալ երաժիշտի մեծարժէք վաստակով՝ քսաներորդ դարու երաժշտական արուեստին մէջ նոր, լայնահուն եւ հեռանկարային ուղիներ նշագծեց ու Հայ անունին պատուաբեր տեղ ապահովեց համաշխարհային տարողութեամբ։
Իր ներշնչումն ու երաժշտական աւիշը առնելով հայկական երաժշտարուեստի ազգային հարուստ աւանդոյթէն՝ Արամ Խաչատրեան ստեղծեց նորարական իր արուեստը, որ հարստացուց 20րդ դարու դասական երաժշտութեան գանձարանը՝ «կենսայորդ խոհեր եւ յոյզեր, կիրք եւ կամք մարմնաւորող» իր գեղարուեստական ժառանգութեամբ։
Արամ Խաչատրեան ծնած էր Քոջորի (Թիֆլիսի մերձակայքը), 6 Յունիս 1903ին։ Ծնողները սերած էին հինաւուրց Գողթան գաւառէն, որ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի կողմէ գովերգուած է իբրեւ շնորհալի երգիչ-երաժիշտներու հայրենիքը: Հայրը՝ Եղիա Խաչատրեանը Վերին Ազա (այժմ՝ Նախիջեւանի մէջ գտնուող) գիւղէն էր. պատանի տարիքէն բնակելով Թիֆլիս, տիրապետած էր կազմարարի արհեստին եւ ամուսնացած էր նոյն Նախիջեւանի Ներքին Ազա գիւղի ծնունդ Ղումաշի հետ: Համեստ կազմարար Եղիայի չորս որդիներուն աւագը՝ Սուրէնը, ճանչցուած թատերական գործիչ էր, բեմադրիչ։ Լեւոն որդին՝ երգիչ էր, խորհրդային համամիութենական ռադիոյի մենակատար: Արուեստասէր այս ընտանիքը պիտի փառաբանուէր ծնունդովը ընտանիքի կրտսեր որդւոյն՝ Արամի:
Վարպետին իսկ վկայութեամբ ու խոստովանութեամբ, մանկութեան տարիներու տպաւորութիւնները՝ ժողովրդական երաժշտութեան հարուստ մթնոլորտը, ժողովրդական տօնակատարութիւնները, առօրեայ կենցաղի մէջ հնչող աշուղներու երգն ու նուագը իրենց խոր դոոշմը դրած են անոր երաժիշտի կազմաւորման վրայ։
Պատանեկութեան այդ տարիներուն, Թիֆլիսի բազմերանգ, խայտաբղէտ, յուզառատ երաժշտական կենցաղին մէջ թարմ էին Ք. Կարա-Մուրզայի, Մ. Եկմալյանի եւ, յատկապէս, Կոմիտասի համերգներուն տպաւորութիւնները: Սոֆիա Արղութեանի ուսումնարանին մէջ, ուր իր կրթութիւնը ստացաւ ապագայ մեծ երաժիշտը, սիրուած էին երգի դասերը, որոնք հմտօրէն կը դասաւանդուէին Մ. Եկմալեանի աշակերտ, հետագային ականաւոր երաժշտագէտ եւ երգիչ Մուշեղ Աղայեանի կողմէ:
1913 թուականին տաղանդաւոր պատանին ընդունուած է Թիֆլիսի «Կոմերցիայի դպրոց»ը, բայց իր նախընտրութիւնը միշտ ալ եղած է երաժշտութիւնը։ Որոշ ժամանակ ինքնաշխատութեամբ փողային գործիքներ նուագելը սորվելով՝ պատանի Արամ ընդունուած է տեղական փողային նուագախումբի մը մէջ։
1915ին, Հայոց Ցեղասպանութեան լուրերէն սահմռկած Խաչատրեաններու ընտանիքը, լքելով ամբողջ իր ունեցուածքը, գաղթած է Եկատերինոգրադ (Կրասնոդար), Խաչատրեանի մեծ եղբօր մօտ։ Բայց երբ թրքական զօրքերը չներխուժեցին Թիֆլիս՝ Խաչատրեանի ընտանիքը վերադարձած է տուն։
1921ին, Արամ Խաչատրեանի աւագ եղբայր Սուրէնը զինք կը տանի Մոսկուա, ուր մինչ այդ նոթաներն իսկ չգիտցող Արամը կþընդունուի հեղինակաւոր «Գնեսինի Երաժշտական Քոլէճ»ը։
Շուտով կը բացայայտուի Արամի երաժշտահանի (կոմպոզիտորի) տաղանդը եւ 1925ին Գնեսինը առաջարկում է Արամին՝ կոմպոզիտորական վարպետութեան դասերու հետեւիլ։ 1929ին Արամ կþընդունուի Մոսկուայի Երաժշտանոցը, ուր կþուսանի յայտնի ռուս կոմպոզիտոր եւ ուսուցիչ Մեասկովսկիի մօտ։ Արամ երաժշտանոցը կþաւարտէ փայլուն գնահատականներով եւ կը ստեղծէ իր առաջին խոշոր աշխատանքը՝ «Առաջին սիմֆոնիան»։ Այս շրջանին ան կը ստեղծագործէ երաժշտական երկեր թատրոնի համար, մեծ առումով «Վալենսիական այրի» շարքը եւ «Դիմակահանդէս»ը, իսկ աւարտական տարիների ընթացքին՝ «Դաշնամուրի եւ սիմֆոնիկ նուագախումբի համար» համերգը։
1939ին Խաչատրեան կը գրէ իր առաջին պալէն, որ սկիզբը «Ուրախութիւն» անունը ունէր, իսկ հետագային վերանայ-ւեցաւ եւ վերանուանուեցաւ «Գայանէ»՝ իր կարեւոր տեղը գրաւելով Ա- րամ Խաչատրեանի մեծագոյն գործերու շարքին։
Համայնագիտական նոյն աղբիւրները կը վկայեն, թէ 1936-1947 թուականները ամենաբերքառա- տը եղան Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործական կեանքին մէջ։ Ան գրեց երաժշտութիւն՝ տռամաթիք ներկայացումներու եւ շարժանկարներու համար։ Նաեւ՝ երգեր, եկեղեցական երաժշտութիւն եւ սիրուած «Ջութակի համերգ»ը։
1941ին հրապարակուեցաւ վարպետի մեծահռչակ «Երկրորդ սիմֆոնիան», 1943ին՝ «Թաւջութակի եւ սիմֆոնիկ նուագախումբի համար» համերգը, 1946ին՝ «Երրորդ սիմֆոնիան» եւ 1947ին՝ «Պոետիկ սիմֆոնիան»։
1940ականներուն ան շրջեցաւ ամբողջ Խորհըրդային Միությունը՝ Լենինկրատ (Սան Փեթերսպուրկ), Քիեւ, Երեւան, Թիֆլիս, Սոչի, Խարքով։ 1950ին մեկնեցաւ Հռոմ, որ դարձաւ վարպետին համաշխարհային շրջագայութեան առաջին քաղաքը։ Հետագայ տարիներուն ան շրջագայեցաւ 42 երկիր՝ բոլոր մայր-ցամաքներու վրայ։ Եղաւ նաեւ Յունաստան։ Իր շրջագայութիւններու ընթացքին վարպետը հանդիպումներ ունեցաւ բազմաթիւ հանրայայտ մշակոյթի գործիչներու հետ՝ ինչպէս Ըրնեստ Հեմինկուէյ, Չարլի Շափլին, Սալվատոր Տալի։
50ականներէն սկսեալ Արամ Խաչատրեան կը սկսի իր ուսուցչական գործունէութիւնը՝ Գնեսինի Հիմնարկին եւ Մոսկուայի Երաժշտանոցին մէջ։
1956ի Դեկտեմբերի 27ին Խաչատրեանի գլուխ-գործոցներէն աշխարհահռչակ «Սպարտակ»ը առաջին անգամ կը բեմադրուի Կիրովի բեմին վրայ։
1973ին պաշտօնական մեծ շուքով եւ Խորհրդային Միութեան ամբողջ տարածքին նշուեցաւ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 70ամյակը։
Ծարպետը վախճանեցաւ 1978 թուի Մայիս 1ին եւ յաւերժական իր հանգիստը գտաւ «Երեւանի՝ Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն»ին մէջ՝ հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներու՝ Կոմիտասի, Իսահակեանի, Սարեանի եւ միւս անմահներու կողքին։
Ն.