Տէ՛ր, քաջերուն, զոհերուն վերին ապաւէն,
Ամենափառ Տօրոսի սարերուն ի ծոց
Ազատութիւնն եւ ըզՔե՜զ պաշտող Զեյթունցւոց
Շնորհէ՜ ցորեանն անարատ, գութիդ արեւէն:
Ցորեա՜նը, սնունդն աղքատին, բարւոյն, հերոսին,
Անոնց՝ որ, Տէ՛ր, կը պահեն պատուէրներդ հրեղէն,
Մի՛ թողուր որ նըւաճուին Սովին ճիւաղէն
Բազուկներն որ բռնութիւնն յաղթահարեցին:

«ԱՂՕԹՔ... ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՍՈՎԵԼՈՑ ՀԱՄԱՐ» խորագրուած այս քերթուածը կը պատկանի հայ գրականութեան եզակի դէմքերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը ունեցող Ինտրայի, որուն նահատակութեան 92րդ տարելիցն է այսօր՝ Յունիս 6ին։

Քաջարի Զէյթունի նկատմամբ թրքական պետութեան գործադրած խժդժութեանց, կոտորածներուն եւ բարբարոսութեանց դէմ ընդվզող, ինչպէս նաեւ կեանքի դաժան հարուածներուն ու սովի ծանրագոյն պայմաններուն տակ հիւծող զէյթունցիներուն մեծ վիշտը Աստուծոյ հասցնող ծայր աստիճան զգայուն սիրտ մը կը բաբախէ հոն։

Թէեւ թրքական ցեղասպան եաթաղանի հարուածով չսպաննուեցաւ Ինտրա, բայց հոգեպէս եւ իմացականօրէն անդարմանելի ցնցումի ենթարկուեցաւ Ատանայի կոտորածներուն ազդեցութեան տակ, վերջնականապէս կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը, կրակի տուաւ գրական իր անցեալն ու ձեռագիրները եւ դարձաւ ապաշխարհած աւետարանիչ մը, մինչեւ որ 1921ի Յունիս 6ին նահատակուեցաւ, քեմալականներու կողմէ իրեն պարտադրուած աքսորի ճամբուն վրայ, Խարբերդի մերձակայքը, ծեծին եւ չարչարանքներուն չդիմանալով։

Ծայր աստիճան զգայուն նկարագիր եւ տկարակազմ մարմին ունէր Տիրան Չրաքեան անուն-մականունով Պոլսոյ արուարձաններէն Սկիւտարի մէջ 1875ին ծնած տաղանդաշատ հայ բանաստեղծը։ Սիւտարի թաղային դպրոցին մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Չրաքեան ընդունուեցաւ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, ուր մեծ ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ամբողջական հոգածութեան եւ շունչին տակ կազմաւորուեցաւ իբրեւ արուեստներու, գրականութեան եւ բնապատմութեան նկատմամբ անհուն սէր ունեցող ու համապատասխան ձիրքով օժտուած անհատականութիւն։

Հազիւ Պէրպէրեանը աւարտած, 1891ին, Չրաքեան ուսուցչութեան կոչուեցաւ նոյն վարժարանին մէջ՝ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար։ Եւ իրա՛ւ կոչում եղաւ ուսուցչութիւնը Տիրան Չրաքեանի համար, որ նկարելու եւ գրելու բնատուր տաղանդի տէր էր։ Նաեւ՝ կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան խոր ճշմարտութիւններուն եւ խորհուրդներուն ընկալման ու յայտնաբերման նուիրուած փիլիսոփայ մտածող էր։ Իբրեւ այդպիսին, երիտասարդութեան իր տարիները Չրաքեան իմաստաւորեց միաժամանակ ուսուցանելով, նկարելով ու գրելով։

1898ին հեռացաւ Պոլիսէն՝ Փոքր Ասիոյ հայկական շրջաններուն մէջ ուսուցչութիւն ընելու եւ ստեղծագործական իր աշխատանքին նուիրուելու համար։ Բայց նկարչութեան մէջ հմտանալու եւ ուսումը ամբողջացնելու մղումը զինք տարաւ Փարիզ, Ֆրանսա, ուր ինքնաշխատութեամբ եւ ստեղծագործական անխոնջ տարերքով կատարելագործեց իր տաղանդը։ 1904ին անցաւ Եգիպտոս, ուր երկու տարի ուսուցչութեամբ պարապելէ ետք վերադարձաւ Պոլիս՝ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ հայ գրականութիւն, ֆրանսերէն լեզու եւ քերականութիւն, ինչպէս նաեւ բնապատմութիւն դասաւանդելու պաշտօնով։ Այդ տարիներուն պատրաստեց եւ հրատարակութեան յանձնեց ֆրանսերէնէ հայերէն իր բառարանը։

1906ին լոյս ընծայեց իր առաջին գրական գործը՝ «Ներաշխարհ»ը, որ անմիջապէս գրաւեց ուշադրութիւնը Պոլսոյ գրական դժուարահաճ շրջանակներուն։ Արդէն իր անունին՝ Տիրանի շրջումով ընտրած էր Ինտրա գրչանունը, որ իր կատարելագործուած հայերէնով եւ իմաստասիրական արձակով թէ՛ խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ, թէ՛ խիստ քննադատութեանց թիրախ դարձաւ իբրեւ արտասովոր եւ խորհրդաւոր գրող։ Այդ քննադատութիւններուն առ ի պատասխան՝ Ինտրա ծաւալուն յօդուածաշարքերով հանդէս եկաւ ատենի պոլսահայ մամուլի էջերուն, գրական-քննադատական եւ իմաստասիրական իր մօտեցումները պարզելով եւ պաշտպանելով։

1908ին Ինտրա լոյս ընծայեց իր երկրորդ գիրքը՝ «Նոճաստան» անունով բանաստեղծութիւններու հատորը, որ նուիրագործեց անոր ինքնուրոյն ու արժէքաւոր տեղը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։ Խորհրդաւոր հայ բանաստեղծի կատարելատիպը եղաւ Ինտրա, որ յատկապէս Մահը երգելու, դարպասելու եւ իմաստաւորելու իր խոր ապրումներով՝ խոհական պատկերներու թարմութիւն բերաւ հայ բանաստեղծութեան, ինչպէս որ զգալի է «Մահէն ներշնչում» խորագրով 1906ին գրուած իր հետագայ քերթուածին մէջ.

Ո՜վ մշտակոթող, խուռն ու սեւ նոճիք՝
Որ փոսերուն վրայ կեանքին վաղագրաւ,
Բոլոր այն խանդով, զոր մահն ի ձեզ դրաւ,
Դէպի վերամբարձ Անհունը կþաճիք։
Այս նըւաստ հովտէն՝ զեղծ ու սրտագրաւ,
Ի՜նչ հեշտ է ձեր ելքն, հրաժարումն անճիգ,
Ի սէր Անյեղլւոյն՝ ուր կը մըխըրճիք...
Վերին լուսաղբերց համար ի՜նչ ծարաւ։
Ձեր արմատներուն ներքեւ, այնպէս չէ՞,
Կը նեխին ամէն իղձք աշխարհանըւէր,
Եւ դո՛ւք միայն գիտէք վախճանն այս թշուառ.
Եւ ան է անշուշտ՝ որ ձեզ կþներշնչէ
Սեւեռիլ Անդրին բարձրութիւնն ի վեր,
Որ միայն ձե՛ր կայքէն կը նշմարուի վառ։

1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով պոլսահայ կեանքի վերաշխուժացումը նորովի թափով համակեց նաեւ Ինտրայի ստեղծագործական յուզաշխարհը։ Բայց վրայ հասաւ Կիլիկիոյ Աղէտը եւ Ատանայի ջարդերուն արձագանգը խորապէս ցնցեց այնքա՜ն զգայուն ներաշխարհը Ինտրայի, որ ըստ կենսագիրներու՝ երեք անգամ ուղեղի ցնցում անցուց, մինչեւ որ խախտեցաւ անոր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Ինտրա ուրացաւ իր բանաստեղծի անցեալը, կրակի տուաւ իր գիրքերն ու յատկապէս անտիպ ձեռագիրները, որոնցմէ շատ աննշան մաս մը կարելի եղաւ օրին փրկել։ Չրաքեան ապաշխարհեց, Շաբաթապահութեան յարեցաւ եւ Աւետարանի քարոզիչ դարձաւ՝ գաւառները շրջագայելով եւ մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ սէրն ու անդենական երանելի կեանքի պաշտամունքը տարածելով։

Ինտրա իր կարգին 1915ին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, բայց իր հաւատակիցներու նիւթական կաշառքներով ստոյգ մահէ փրկուեցաւ, ինչ որ աւելի ծանր անդրադարձ ունեցաւ արդէն խելագար իր վիճակին վրայ։

Զինադադարէն ետք, 1918էն 1921, Սեւ Ծովը եզերող գաւառներուն մէջ, շաբաթապահներու իր խումբով Չրաքեան աւետարանական քարոզիչի իր գործունէութեան նոր թափ տուաւ։ Այն աստիճան, որ քեմալականներու կողմէ դատապարտուեցաւ իբրեւ «ժողովուրդի թշնամի» եւ իր հետեւորդներով, 1921ի Փետրուարին, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Տիգրանակերտի խորերը։

Աքսորի ճամբուն վրայ ալ նահատակուեցաւ՝ չդիմանալով աքսորեալներուն հսկող թուրք ոստիկաններու գործադրած ծեծին եւ չարչարանքներուն։ Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյց»ի 1924ի համարով տրուած է Ինտրայի հետեւորդներէն ու աքսորէն վերապրած Օհան Պետիկեանի յուշ¬վկայութիւնը՝ ընդհանրապէս այդ աքսորին եւ Տիրան Չրաքեանի ողբերգական մահուան պարագաներուն մասին։

Հազիւ 45 տարեկան էր Ինտրա՝ երբ այդպէս մաշած ու սպառած, հոգեկան իր հաւասարակշռութիւնը աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կորսնցուցած, հեռացաւ մեր աշխարհէն Յունիսի 6ին։

Իր յիշատակի ոգեկոչման ծառայող հաղորդութեան առիթ մը թող ըլլայ Ինտրայի «ԳԻՇԵՐ» խորագրով քերթուածը.

Գիշեր է. երկինքը կը փայլփըլի
Անդո՜րր ահագին, ու պատկառելի.
Նըշոյլներն անգամ ա՛յնքան, վիհերէն երկնային
Կը ժըպտին հաճոյքէ, հացումէ կուլան:
Իբրե՛ւ թէ բոլորն ալ իմանային
Անցնող հծծիւն մը յաւիտենական՝
Վերէն՝ հեռուէն, անհուն խորհուրդէն.
Սարսռալէ՝ կարծես թէ կը վերանան,
Իմաստութենէ կարծես կ’աղօթեն:
Աշխարհքը լուռ է. տանց մէջ խաւարին՝
Յետին ճրագներն ահա կը մարին.
Սեւ տանիքներու տակ մեղաւորներ
Կը քնանան հիմա իրենց քունը հէգ:
Ո՛չ մէկ սուրբ երազ զիրենք դէպ ի վեր
Մեծ խաղաղութեան կ’ամբառնայ երբեք
Հոն քաղաքն ամբողջ սեւ կոյտ մ’է թշուառ
Նիրհող կիրքերու. վերն ամէնուրեք՝
Լուռ անբըծութեանց օրհներգ խանդավառ:

Մարդն ու մարդկայինը խորագոյն սիրով ու պաշտամունքով դաւանանքի վերածած բանաստեղծն ու իմաստասէրն է Ինտրա, որ պատգամեց սերունդներուն՝

«…Մարդկային Օրէնքը անհետեւելի մեծամասնութեանց սովորոյթները ներկայացնող, անհատներու բաղդատմամբ շատ դանդաղ կը յառաջադիմէ եւ իմացական ու բարոյական անցեալի մը պատկերն է միայն, փոխանակ իմացական ու բարոյական իտէալ մը, մատչելի, ճակատագրական ապագայ մը ներկայացնելու, ահա մարդասիրութեան, հաւասարութեան, անկաշկանդութեան եւ դեռ չեմ գիտեր ի՜նչ այսօրինակ գաղափարներու կը յենու, առանց դիտել ուզելու, դիտել կարենալու, թէ այս կերպ մտապատկերները կը ժխտեն զիրար յաճախ, այնքան որ ոչ միայն օրէնքին հաւանութեան եւ գոյութեան պայմաններուն միջեւ է հակառակութիւնը, այլ նաեւ իր տրամաբանութեանց իսկ մէջտեղ: Անհատականութեան ամենամեծ գործնականացումն է մրցումը. եւ ասիկա չի՞ բաւեր հաւասարութիւն ըսուածը բոլորովին բառնալու, եթէ երբեք այդ ցնորքը կարելի էր: Ժողովուրդները մրցման կաշկանդիչ սահմանափակումէ մը զերծ պահելով եւ մրցման անկարողներու հարկաւոր միջոցները չընծայելով, մարդկութիւնը չի՞ յանձներ զմարդիկ մեծագոյն ճնշման մը, որ մարդոց բնական անհաւասարութիւնն է: Եւ ինչպէ՞ս կրնայ մարդասիրութիւն պահուիլ տակաւին մրցման ազատութեան մէջ, որ կենսապայքարին տխուր օրէնքին հաստատումն է. միթէ՞ կենսապայքարին բռնութեան մէջ կրնայ բողբոջիլ ու չոսնիլ մարդասիրութեան ու հաւասարութեան, այսինքն եղբայրութեան խաղաղասէր զգացումը…»։

Ն.