1926ի յուլիսեան այս օրերուն, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 4 Յուլիսին, Իզմիրի մէջ, քաղաքի տարբեր հրապարակներուն վրայ միաժամանակ կախաղան հանուեցան 13 թուրք քաղաքական-պետական գործիչներ, որոնք պատասխանատու հռչակուած էին Քեմալ Աթաթուրքի դէմ կազմակերպուած մահափորձի մը։
Յուշատետրը իր լուսարձակը կը կեդրոնացնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ծննդոցին ու կազմաւորման ախտանշական այս արատին վրայ, որովհետեւ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող թուրք պետական բռնիշխանութեան արմատները թաղուած են 4 Յուլիս 1926ի 13 կախաղաններով դրսեւորուած քաղաքական մոլեռանդութեան անբուժելի հիւանդութեան մէջ։
Թրքական հնաւանդ այդ անհանդուրժողականութեան նորագոյն դրսեւորումն է վարչապետ Էրտօղանի ձեռնարկած վարկաբեկումի արշաւը նոյնինքն Աթաթուրքի եւ ընդհանրապէս քեմալականութեան դէմ։
Աթաթուրք այսօր իր իսկ հիմնած Թուրքիոյ Հանրապետութեան պետական ղեկավարութեան բարձրագոյն դիրքէն կ'ամբաստանուի իբրեւ իր ընդդիմախօսները բրտօրէն «մաքրագործած», Քաղաքական Իսլամի օրէնքները չարաչար ոտնակոխած, հայեր ու քիւրտեր, յոյներ ու ասորիներ զանգուածային սպանդի ենթարկելու պետական յանցագործութեանց գլխաւոր պատասխանատու…
Աթաթուրքի դէմ ուղղուած այսօրինակ ամբաստանութեանց շարքը շատ երկար է եւ տեղը չէ անոնց սպառիչ ցուցակը կազմելու։ Կարեւորը այն է, որ նոյնինքն վարչապետ Էրտօղանի այժմու կառավարութիւնը, ահա 13 տարիէ ի վեր, Քեմալականութեան դէմ իր ծաւալած վարկազրկման պայքարին մէջ, իր կարգին չի վարանիր դիմելու ամէնէն խստագոյն եւ բռնիշխանական քայլերուն, ի հարկին արեան մէջ խեղդելով բողոքի ձայնը իր սեփական ընդդիմախօսներուն։
Ինչ որ պատահեցաւ 1926ի յուլիսեան այս օրերուն, երբ Իզմիրի հրապարակներուն վրայ միաժամանակ կախաղան հանուեցան Մուսթաֆա Քեմալի մենատիրութեան ընդդիմացող պետական-քաղաքական 13 գործիչներ, մեծապէս ուսանելի է այսօրուան Թուրքիոյ ներքին գալարումները հասկնալու իմաստով։
Ծանօթ է, որ Առաջին Աշխարհամարտէն անփառունակ պարտութեամբ դուրս եկած Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, Իթթիհատական իշխանութեան ղեկավար դէմքերուն երկրէն փախուստին զուգահեռաբար՝ թրքական կազմալոյծ բանակի երիտասարդ սպաներէն Մուսթաֆա Քեմալ ձեռնարկեց Անկախութեան Պատերազմի։ Օսմանեան Կայսրութիւնն ու անոր հիմքը կազմող իսլամական պետութիւնը Քեմալի կողմէ հռչակուեցան թուրք ազգային-պետական մշակոյթին այլասերած դրսեւորումները։ Իր հետեւորդներով եւ ատենի եւրոպական մեծ պետութեանց թաքուն թէ բացայայտ խրախուսանքով, այլեւ ու մանաւանդ Ռուսաստանի մէջ նորահաստատ պոլշեւիկ ղեկավարութեան հետ ուղղակի եւ ամբողջական գործակցութեամբ, Մուսթաֆա Քեմալ ռազմական փայլուն յաղթանակներ տարաւ եւ ոչ-թուրք բնակչութեան ազգային արդար ձգտումները արեան մէջ խեղդելով՝ զինու զօրութեան գծեց Թուրքիոյ այսպէս կոչուած «բնական սահմանները»։
Անկախութեան Պատերազմը Քեմալ յաղթանակով պսակեց եւ արժանացաւ «Կազի» (ազատարար, յաղթանակած) տիտղոսին։ Զինուորական իր յաջողութիւններուն չափ եւ նոյնիսկ աւելի փայլուն եղան Քեմալի նուաճումները արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ։ Յաջողապէս թիավարեց յաղթական Դաշնակիցներուն եւ նոր բարձրացող խորհրդային կայսերապետութեան իրերամերժ ալիքներուն միջեւ, բոլոր կողմերէն առաւելագոյնս օգտուեցաւ եւ այդ ամէնը ծառայեցուց նոյնինքն թուրք հասարակութեան մէջ քաղաքական իր իշխանութեան դիրքերու ամրապնդումին։ Եւ երբ 1923ի Յուլիսին ստորագրուեցաւ Լօզանի ամօթալի Դաշնագիրը եւ անփառունակ պարտութիւն կրած թրքական պետութիւնը վերջնականապէս ոտքի կանգնեցաւ Հոկտեմբեր 1923ին իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն՝ Մուսթաֆա Քեմալ իր «կազի» տիտղոսին վրայ աւելցուց նաեւ Աթաթուրք (Թուրքիոյ Հայր) անունը։
Աթաթուրք իր զինուորական եւ քաղաքական յառաջխաղացքին ամբողջ տեւողութեան իր կողքին ունեցաւ անվերապահ զինակիցներ, յատկապէս Քեազիմ Քարապեքիր փաշան (իբրեւ զինուորական իր թեւին առաջնորդը) եւ Իսմէթ Ինէօնիւ փաշան (իբրեւ քաղաքական իր մեծագոյն գործակիցը, նաեւ հետագային Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին ժառանգորդը)։ Բայց Թուրքիան արմատապէս բարեկարգելու իր ներքին քաղաքականութեան իրագործման ընթացքին, Քեմալի եւ իր ընկերներու հիմնած Հանրապետական Կուսակցութիւնը ներքին պառակտումի մատնուեցաւ իսլամական պետութենէն՝ սուլթանութենէն եւ խալիֆայութենէն վերջնականապէս հրաժարելու օրակարգով։ Քեազիմ Քարապեքիր իր հետեւորդներով հիմնեց Հանրապետական Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը, իսկ Քեմալ եւ Ինէօնիւ իրենց հիմնած մայր կուսակցութիւնը վերանուանեցին Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւն։ Քեմալ դժուարութիւններ դիմագրաւեց նաեւ Ինէօնիւի թեւէն, որ թունդ դրօշակիրն էր երկրէն ներս միակուսակցական իշխանութեան հաստատումին եւ զինուորական խստութեամբ կառավարումին։
Ահա այդ ներքին պայքարները իրենց գագաթնակէտին յանգեցան 1926ի Յունիսին, երբ արդէն հանրապետութեան նախագահի պաշտօնով Աթաթուրք «հովուապետական» այց մը կը կատարէր Իզմիր։ Քեմալի սպասարկութիւնները «յայտնագործեցին» հանրապետութեան նախագահին դէմ սարքուած «մեծ դաւադրութիւն» մը, որուն նպատակը իբր Քեմալի սպանութիւնն էր։ Այդպէս, տասնեակաւոր քաղաքական ընդդիմադիրներ անմիջապէս ձերբակալուեցան, արագօրէն դատուեցան եւ կախաղան հանուելով մահապատիժի դատապարտուեցան։
Ամիս մը ետք՝ 4 Յուլիս 1926ին, այդ փութկոտ դատավճիռը գործադրելով, Աթաթուրքի իշխանութիւնները կախաղան բարձրացուցին Հանրապետական Յառաջդիմական Կուսակցութեան 13 պարագլուխներ, որոնք նաեւ նախկին իթթիհատական պետական գործիչներ էին։ Մեծ մասամբ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի անդամներ էին անոնք, որոնք իրենց կեանքի գնով վճարեցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան միակուսակցական իշխանութեան հաստատման եւ իսլամական գլխարկ Ֆէսը արեւմտեան ոճի գլխարկով փոխարինելու աթաթուրքեան մեծ խաղին։
Ն.