219 տարի առաջ, 1794 թուականի Հոկտեմբեր 14ի այս օրը, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ լոյս տեսաւ անդրանիկ համարը «Ազդարար» անունով առաջին հայ տպագիր թերթին։

Հայոց առաջին Թարգմանիչներու սրբացման խորհուրդը

Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ Շաբաթ օրը, շուրջ 1700 տարիէ ի վեր, հայ ժողովուրդը կը նշէ իր Սուրբ Թարգմանիչներուն տօնը։ Իսկ Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակի օրը, ամէն տարի, Հայ Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տեղի կþունենայ Հինգերորդ դարու Թարգմանչաց Շարժումին խորհուրդով հաղորդուելու Սուրբ Պատարագ։

10 Հոկտեմբերի այս օրը, 108 տարի առաջ, հայոց հինաւուրց ոստան Շուշիի մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Մելիք-Փաշայեան տոհմէն արու զաւակ մը, որ կնքուեցաւ Ալեքսանդր անունով եւ, իր երաժշտական ղեկավարի բացառիկ տաղանդով, հայազգի փայլքով զարդարեց քսաներորդ դարու արուեստի երկնակամարը։

Հոկտեմբեր 9ի այս օրը, կը լրանայ ծննդեան 165ամեակը Հայկական Յեղափոխութեան առաջին սերմնացաններէն Մկրտիչ Փորթուգալեանի։

Այսօր, 8 Հոկտեմբերին, կը լրանայ ծննդեան 150ամեակը հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մեծանուն կին երախտաւորներէն Սիպիլի՝ Զապէլ Ասատուրի։