Այսօր, հայոց յուշատետրին սլաքը կանգ կ'առնէ 1937 թուականի 8 Յուլիսին վրայ, որ սեւ էջերէն մէկը կը կազմէ Ստալինեան Արհաւիրքի ժամանակագրութեան։

Յուլիսի այս օրը, 77 տարի առաջ, Չեկայի բանտերէն մէկուն մէջ, խորհրդայինները որոշեցին գնդա- կահարել հայ գրականութեան հսկաներէն Ակսէլ Բակունցը։

Յուլիս 7ին, 91 տարի առաջ, ողջ աշխարհէն երկաթեայ վարագոյրով մեկուսացուած խորհրդային ամբողջատիրութեան հարաւային սահմանեզրին, Անդրկովկասի մէջ, հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ ազգային իրաւազրկումի ահաւոր գայթակղութիւն մը։

1921 թուականի այս օրը՝ Յուլիս 5ը աղիտաբեր եղաւ հայ ժողովուրդին համար։

5 Յուլիս 1921ին, այսպէս կոչուած Ռուսական Կոմունիստական Կուսակցութեան Կ. Կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոյի ապօրինի որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղը անջատուեցաւ Հայաստանէն եւ բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին։

1926ի յուլիսեան այս օրերուն, Իզմիրի մէջ, քաղաքի տարբեր հրապարակներուն վրայ միաժամանակ կախաղան հանուեցան 13 թուրք քաղաքական-պետական գործիչներ, որոնք պատասխանատու հռչակուած էին Քեմալ Աթաթուրքի դէմ կազմակերպուած մահափորձի մը։

46 տարի առաջ, 1968ի Յուլիս 2ի այս օրը, Երեւանի մէջ, Խ. Միութեան Պետական Անվտանգութեան Կոմիտէի ծառայողները ձերբակալեցին եւ երկարամեայ բանտարկութեան դատապարտեցին խումբ մը հայ երիտասարդներ, որոնք համարձակութիւնը ունեցած էին խորհրդային պաշտօնական արգելքը արհամարհելու եւ հրատարակած էին ընդյատակեայ թերթ մը՝ «Յանուն Հայրենիքի» անունով։