Յունիս 12ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայկական գեղանկարչութեան եւ գծագրական արուեստի տաղանդաւոր դէմքերէն Արա Բեքարեանի։

Իր գեղարուեստական տաղանդով եւ մանաւանդ հանրագիտական ճանաչողութեամբ, Արա Բեքարեան հանդիսացաւ հայկական կերպարուեստի մեծավաստակ ուսուցիչներէն մէկը, որուն յիշատակին հայրենի մշակութային գործիչ մը վերջերս կարեւորութեամբ կ'ընդգծէր, թէ՝

«Այսօր մոդա է՝ բոլորը պրոֆեսորներ են, բայց այն ժամանակ նկարչութեան մէջ կային մի քանի պրոֆեսորներ, որոնցից մէկը Արա Բեքարեանն էր»։
Իրաւամբ, Արա Բեքարեանի անունը արժանաւորապէս իր կարեւոր տեղը ունի մեծն Մարտիրոս Սարեանի եւ մեծատաղանդ Յակոբ Կոջոյեանի կողքին, իբրեւ 20րդ դարու հայ գեղանկարիչներու երկրորդ սերունդին ներկայացուցիչներէն մէկը։
Արա Վաղինակի Բեքարեան ծնած էր Աֆիոն Գարահիսար (Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանի հայադրոշմ քաղաքներէն), Մեծ Եղեռնէն երկու տարի առաջ՝ 1913ի Յունիս 12ին, քաղաքի հայկական վարժարաններուն մէջ դասատու՝ վաստակաւոր ուսուցիչներ Պեքարեաններու ընտանեկան յարկին տակ։
Հանրագիտական տեղեկութիւնները ժլատ են հռչակաւոր նկարիչի կենսագրութեան մինչ-երիտասարդական շրջանի մանրամասներուն վերաբերեալ։ Ծանօթ է, որ 1925ին Պեքարեանները ներգաղթած են Հայաստան։ 1932ին, Արա Բեքարեան աւարտած է Երեւանի Գեղարդ Տեխնիկումը՝ Վ. Գայֆէջեանի եւ Ս. Առաքելեանի մօտ։
Բարձրագոյն ուսումը Ա. Բեքարեանշարունակած է Լենինկրատի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ, որմէ վկայուած է 1939 թուին։ Անմիջապէս զինուորագրուած է խորհրդային բանակ, որուն շարքերէն ներս ծառայած է Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան՝ յատկապէս Ֆիննական ռազմաճակատին վրայ։
Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն եւ զօրացրւումէն ետք, վերադարձած է Հայաստան եւ 1945էն մինչեւ իր մահը դասախօսական պաշտօն ստանձնած է Երեւանի Պետական Գեղարուեստական-Թատերական Ինստիտուտի մէջ։
Հասցուցած է գեղանկարիչներու եւ գծագրիչներու ամբողջ սերունդ մը։ 1945ին արժանացած է Հայաստանի Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչի կոչման, 1964ին ստացած է Փրոֆեսորի տիտղոս, իսկ 1965ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Ժողովրդական Նկարիչի կոչումով։
Արա Բեքարեան սկսած է նկարել շատ կանուխ տարիքէն։ Առաջին անգամ իր գործերը ցուցադրուած են 1930 թուականին, երբ հազիւ 17 տարեկան էր։ Անհատական ցուցահանդէսով իր գործերը առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուցած է Երեւանի մէջ, 1947ին։ Նոյնպէս անհատական ցուցահանդէսով հանդէս եկած է Մոսկուայի մէջ 1964ին։ Կանոնաւորաբար մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու՝ ինչպէս Երեւանի ու Մոսկուայի, նոյնպէս եւ արտասահմանի տարածքին, արժանանալով արուեստի քննադատներու եւ հանրութեան գնահատանքին ու ջերմ ընդունելութեան։
Իր ստեղծած գործերուն լաւագոյն նմոյշները մնայուն ցուցադրութեան արժանացած են Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գեղարուեստական Ֆոնդին ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Ֆոնդին մէջ։ Մեծ է թիւը մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ պահուող Արա Բեքարեանի ստեղծագործութիւններուն, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Գեղանկարչութեան կողքին Արա Բեքարեան յատուկ կարեւորութեամբ իր արուեստն ու ժամանակը նուիրած է գիրքերու ձեւաւորման ու նկարազարդումին։ Հայ դասական գրականութեան շարք մը գլուխ¬գործոցներու գեղարուեստական ձեւաւորումը կապուած է Արա Բեքարեանի անունին, ինչպէս Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի»ն, Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը եւ Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը։
Հռչակաւոր են Արա Բեքարեանի «Վահան Տէրեան»ի դիմանկարն ու «Աշտարակ» եւ «Օշական» կտաւները։
Ինչպէս խորհրդային լուծի տակ ստեղծագործած իր սերունդին մեծամասնութիւնը, Արա Բեքարեան իր կարգին տուրք վճարեց պոլշեւիկեան վարչակարգի գովքին։ Բայց միշտ ալ գտաւ ուժն ու առիթը՝ իր մէջ վառ պահուած ազգայինն ու ազատախոհը կտաւին յանձնելու եւ սերունդներու ազգային յիշողութեան ներարկելու հայեցի ինքնաճանաչման կենարար աւիշը։
Գեղանկարիչ Էդվարդ Վարդանեանի վկայութեամբ՝ «Նա մշակոյթի գիտակ էր, հանրագիտարանային գիտելիքներով լցուած մարդ: Նկարիչների միութեան կէսից աւելին Բեքարեանի ձեռքի տակով է անցել: Ստեղծագործութիւնները բանաստեղծութիւններ են, նա գեղանկարչութեան Վահան Տէրեանն է: Նկարները լաւատեսական են, գեղեցիկ, բարի, ազնիւ: Նա սիրահարուած էր իր աշխատանքներին, իր փոքրիկ Հայաստանն անհամեմատելի էր»:
Ազգային արժէքի պատուանդանին արժանացած հայ մեծ նկարիչը վախճանեցաւ 1986 Յունիս 18ին, Երեւան։

Ն.