Յունիս 18ի օրը, 27 տարի առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանը կայացուց իր տեսակին մէջ աննախադէպ՝ պատմաքաղաքական կարեւոր նշանակութեամբ որոշում մը Հայկական Հարցին վերաբերեալ։

18 Յունիս 1987ի իր նիստին, լայն մեծամասնութեամբ, Եւրոպական Խորհրդարանը որդեգրեց որոշումի բանաձեւ մը, որ հանրածանօթ դարձաւ «Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը» անունով։
Բանաձեւը օրակարգի վրայ բերուած էր Եւրոխորհրդարանի Ընկերվարական Խմբաւորման ներկայացուցիչներուն կողմէ՝ Հանրի Սապիի գլխաւորութեամբ։ «Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը» գտնելու առաջադրանքով ներկայացուած այդ բանաձեւը աւելիով ուժ ստացաւ, երբ Եւրոխորհրդարանի յունական պատուիրակութեան անդամ Քոլոքոթրոնիս լրացուցիչ առաջարկութիւն մը ներկայացուց՝ Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան օր ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին։
Եւրոխորհրդարանի հաստատած որոշումի բանաձեւը իրաւական ծաւալուն տարազում մը ունի, որուն հետեւեալ կէտերը կը խտացնեն Հայկական Հարցին վերաբերեալ եւրոպական պետութեանց ու հանրային կարծիքին մօտ օրին տիրող ընդհանուր մօտեցումը.
«- Համոզուած ըլլալով, որ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ ժողովուրդին պատմութեան ճանաչումը ինքնին կ'ենթադրԷ անոր ինքնութեան ճանաչումը իբրեւ ազգային, մշակութային, լեզուական և կրօնական փոքրամասնութիւն.
«- Նկատի ունենալով, որ հայերը այդ իրադարձութիւնները (1915ի ջարդերը) կ'որակեն իբրեւ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն՝ համաձայն Մ.Ա.Կ.ի 1948 թուականի Ցեղասպանութեան մասին Ուխտագրին.
«- Նկատի ունենալով, որ թրքական պետութիւնը կը մերժԷ ցեղասպանութեան մեղադրանքը իբրեւ անհիմն.
«- Հաստատելով, որ թրքական կառավարութիւնը, մերժելով մինչեւ օրս ճանչնալ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը, այդպիսով կը շարունակԷ զրկել հայ ժողովուրդին իր սեփական պատմութեան իրաւունքէն.
«- Նկատի ունենալով, որ պատմականօրէն ապացուցուած հայկական ցեղասպանութիւնը մինչեւ այժմ ո՛չ ենթարկուած Է քաղաքական դատապարտումի, ո՛չ ալ ստացած Է համապատասխան հատուցում.
«- Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ կողմէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչումը այսուհետեւ կը դիտուի որպէս հայերու նկատմամբ բարոյական իրաւունքի վերականգնման խորապէս մարդկային քայլ, որ միայն պատիւ կրնայ բերել թրքական կառավարութեան.
«- Խորապէս ափսոսանք յայտնելով եւ դատապարտելով 1973էն 1986 թուականներու ընթացքին հայկական խմբաւորումներու անիմաստ ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մահափորձերը, որոնց հետեւանքով զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան բազմաթիւ անմեղ մարդիկ, ինչ որ դատապարտուեցաւ հայ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութեան կողմէ.
«- Նկատի ունենալով, որ բոլոր իրերայաջորդ թրքական կառավարութիւններու անհաշտ դիրքորոշումը Հայկական Հարցին նկատմամբ ոչ մէկ կերպով չէ նպաստած լարուածութեան թուլացման.
«1. Յայտնելով այն կարծիքը, որ Հայկական Հարցը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցը պէտք Է քննարկուին Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Տնտեսական Համագործակցութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեանց շրջագիծին մէջ՝ կ'ընդգծԷ, որ ժողովրդավարութիւնը երկրի մը մէջ կրնայ արմատապէս հաստատուիլ միայն այն պայմանով, որ այդ երկիրը ճանչնայ եւ հարստացնէ իր պատմութիւնը՝ իր ազգային եւ մշակութային այլազանութեամբ:
«2. Կը գտնԷ, թէ ողբերգական իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին հայերու նկատմամբ, կը հանդիսանան ցեղասպանութիւն՝ համաձայն «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» Ուխտագրին, ընդունուած Մ.Ա.Կ.ի Գլխաւոր Համաժողովի կողմէ 1948ի Դեկտեմբեր 9ին:
«Կը նշԷ, միաժամանակ, որ ժամանակակից Թուրքիան պատասխանատու չի կրնար համարուիլ Օսմանեան Կայսրութեան հայ բնակչութեան ողբերգութեան համար եւ ամենայն հաստատակամութեամբ կ'ընդգծԷ, որ պատմական այդ իրադարձութեանց ճանաչումը իբրեւ ցեղասպանութեան‘ առիթ չի կրնար հանդիսանալ քաղաքական, իրաւական կամ նիւթական որեւէ պահանջի այսօրուան Թուրքիոյ նկատմամբ:
«3. Կը պահանջէ (Եւրոպական) Խորհրդէն ճնշում գործադրել այսօրուան թրքական կառավարութեան վրայ, որպէսզի վերջինս ճանչնայ 1915-1917 թուականներուն հայերու հանդէպ կազմակերպուած ցեղասպանութիւնը եւ այդպիսով նպաստէ քաղաքական երկխօսութեան հաստատման՝ Թուրքիոյ եւ հայերու լիազօր պատուիրակներուն միջեւ:
«4. Մեկնելով անկէ, որ հայ ժողովուրդին դէմ անցեալին Երիտթուրք կառավարութեան գործադրած ցեղասպանութեան մերժումը այժմու թրքական կառավարութեան կողմէ, Յունաստանի հետ գոյութիւն ունեցող վիճելի հարցերուն մէջ միջազգային իրաւական նորմերու կիրառումէն հրաժարումը, Կիպրոսի մէջ թրքական գրաւման զօրքերու պահպանումը, ինչպէս նաեւ քրտական իրադարձութիւնների ժխտումը, այդ երկրին մէջ (Թուրքիա) իսկական խորհրդարանական ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը, անհատական, հասարակական ու յատկապէս կրօնական ազատութիւններու ոտնահարումը՝ այս ամէնը կը հանդիսանան անյաղթահարելի արգելքներ Եւրոպական Տնտեսական Համագործակցութեան կազմին մէջ Թուրքիոյ հնարաւոր ընդունման հարցի քննարկման համար:
Բանաձեւը բազում այլ կէտեր եւս կը պարունակէ, բայց այսքանն իսկ բաւարար է հաստատելու համար, որ իր տեսակին մէջ քաղաքական կարեւոր քայլ մը նետուեցաւ այդ ժամանակ տակաւին Արեւմտեան Եւրոպա անունով ծանօթ քաղաքական աշխարհամասին կողմէ՝ ոչ միայն հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման ճակատին վրայ, այլեւ՝ Թուրքիան եւս միեւնոյն կեցուածքը ճշդելու բարոյական պարտաւորութեան տակ առնելու առումով։
Անշուշտ հայերուս սեւ աչքերուն համար չորդեգրուեցաւ այդ բանաձեւը։
Հայ Դատի ուժական պայքարին գլխաւոր նուաճումը հանդիսացաւ միջազգային հանրութեան, այս պարագային Արեւմտեան Եւրոպայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հետամուտ այդ քայլը։
Նոյնպէս անտեսումի պէտք չէ մատնուի բանաձեւին պարունակած այն բացայայտ պայմանը, որ այսօրուան Թուրքիան պէտք չէ պատասխանատու համարուի եւ պէտք չէ որեւէ պահանջի առջեւ դրուի՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Երիտթուրք կառավարութեան գործած ոճիրներուն համար։
Ինչպէս 1980ականներուն, նաեւ մեր օրերուն մեծապետական աշխարհը փաստօրէն կը շարունակէ կառչած մնալ «երկու չափ եւ երկու կշիռ»ի իր պատեհապաշտութեան։ Հայեւթուրք հաշտեցման կամ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման հրամայականին մասին ամենայն կեղծիք դիւանագիտականօրէն կը բեմադրէ, որպէսզի պահանջատէր հայութեան «ընդունելի» դարձնէ հայրենի մեր հողերուն բռնագրաւումն ու մէկուկէս միլիոն անզէն հայերու դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական ոճիրը։
Իր այս հակասութիւններով ու սահմանափակումներով հանդեձ՝ 18 Յունիս 1987ի Եւրոխորհրդարանի որդեգրած որոշումի բանաձեւը ճամբան բացաւ Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու միջազգային ընտանիքի պարտաւորութեան առջեւ։
Կը մնայ, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք իր դիրքերը աւելիով ամրապնդած իրաւատէր հայութիւնը հետեւողականօրէն պահանջատէր կանգնի թէ՛ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին աւելի արդարացի տարազումին, թէ՛ անոր լիարժէք գործադրութեան եւ պատմական արդարութեան ամբողջական վերականգնումին։
Մեծ Եղեռնի 100ամեակի սեմին մտաբերենք 18 Յունիս 1987ի Եւրոպական Խորհրդարանի բանաձեւը, որպէսզի Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը, պատրաստուինք միասնաբար բոլորին յիշեցնելու, թէ հայ ժողովուրդը թրքական պետութենէն կը պահանջէ ոչ միայն ընդունիլ եւ դատապարտել իր նախորդներուն գործադրած ահաւոր ցեղասպանութիւնը, այլեւ քաղաքական, հողային, մշակութային եւ մարդկային արդար հատուցում կատարել։
18 Յունիս 1987ի Եւրոպական Խորհրդարանի բանաձեւով Հայ Դատի պայքարը աւարտեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման փուլը եւ թեւակոխեց հատուցման վերջնական փուլը։

Ն.