Օգոստոս 27ին, 207 տարի առաջ, Փարիզի մերձակայ Պիէվրի իր տան մէջ, 67 տարեկանին մահացաւ միջազգային համբաւի տիրացած հայազգի գործիչ մը՝ Իգնատիոս Թոսունեան, որ քաղաքական եւ մտաւորական աշխարհին ծանօթ դարձաւ Իգնատիոս Մուրատճայ Տ'ՕՀՍԸՆ գրչանունով։

Եւրոպացի դիւանագէտի եւ օսմանցի բանասէրի ինքնատիպ այս կերպարը թէեւ հոգեմտաւոր աւիշ ստացաւ Մխիթարեան միաբանութենէն, բայց դիւանագիտական իր ասպարէզով եւ բանասիրական-պատմաքաղաքական աշխատասիրութիւններով՝ ամբողջապէս նուիրուեցաւ եւրոպական մշակոյթին հետ համարկուելու օսմանեան իմացական շարժումին։
Օսմանեան թրքերէնի, արաբերէնի եւ պարսկերէնի հմուտ այս հայորդին նոյնպէս կը տիրապետէր եւրոպական լեզուներուն։ Թարգմանի պաշտօններ ստանձնեց եւրոպական դիւանագիտութեան տարբեր ներկայացուցչութեանց մօտ, յատուկ ընդունելութեան եւ քաջալերանքի արժանանալով Պոլսոյ եւ Զմիւռնիայի շուետական դեսպանութեան ու հիւպատոսութեան կողմէ։
Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթի 24 Յուլիս 2009ի համարով՝ «Արժանահաւատ պատմական անձնաւորութիւններ.- Առաջին հայ ակադեմականը» խորագրին տակ, Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեան հակիրճ գիծերով ներկայացուցած է անձը, կեանքը եւ գործը լայն պաշարի եւ հորիզոնի տէր այս հայորդիին։ Իսկ Օսմանեան Թուրքիոյ պատմաքաղաքական, մշակութային եւ հասարակական կազմաւորման ու զարգացման հարցերուն նուիրուած արեւմտեան թէ թրքական ուսումնասիրութիւնները կարեւորութեամբ կը յիշատակեն Տ'ՕՀՍԸՆԻ երկերը, շեշտելով անոնց սկզբնաղբիւրի նշանակութիւնը թրքագիտութեան համար։
Իգնատիոս Տ'ՕՀՍԸՆ ծնած էր 1840ին, Կոստանդնուպոլսոյ Բերա թաղամասը, հայ կաթողիկէ Թոսունեաններու յարկին տակ։ Հայրը իր կարգին թարգման էր, որ Պոլսոյ շուետական դեսպանատան մէջ քարտուղարութիւն կþընէր եւ իր վարչարարական ու դիւանագիտական ընդունակութիւններուն համար արժանացած էր Զմիւռնիայի Շուէտի հիւպատոսի պաշտօնին։
Յատկապէս հօր մղումով եւ ջանքերով՝ Իգնատիոս պատանի տարիքէն մասնաւոր դասեր առաւ կաթողիկէ Ֆրանչիսեան եւ Դոմինիկեան շրջուն քարոզիչներէ եւ ուսուցիչներէ, ինչպէս նաեւ շուետական դեսպանատան պաշտօնեաներէ։ Այդ բոլորը ոչ միայն զարկ տուին լեզուներու իր իմացութեան, այլեւ մեծապէս ընդլայնեցին անոր հոգեմտաւոր հորիզոնը՝ հաւասարապէս արեւելքի եւ արեւմուտքի մշակոյթներուն իր ծանօթութիւնները խորացնելով եւ քննական ուսումնասիրութիւններով հարստացնելով։
Երիտասարդ տարիքը հազիւ թեւակոխած՝ Իգնատիոս իր կարգին կոչուեցաւ թարգմանական եւ քարտուղարական աշխատանքներու Պոլսոյ շուետական դեսպանատան մէջ։ Միաժամանակ սկսաւ գրի առնել արեւելքի վերաբերեալ իր աշխատասիրութիւնները՝ առաջին հերթին լոյս ընծայելով «Արեւելեան Պատմութիւն» գործը։ Մտաւորական իր պաշարը օգնեց, որպէսզի ան նշանակուի դեսպանատան Առաջին Թարգմանը, բարձր պաշտօն մը՝ որ բանասիրական աշխատանքի նուիրուելու բաւարար ժամանակ եւ հնարաւորութիւններ տուաւ երիտասարդ գիտաշխատողին։
Իգնատիոս Թոսունեանին օգնեց նաեւ դիւրահաղորդ իր նկարագիրը, որպէսզի վերեք ունենայ դիւանագիտական ասպարէզէն ներս։ 1872ին, երբ 42 տարեկան էր, ան Օսմանեան Կայսրութեան մօտ դեսպան նշանակուեցաւ Շուէտի թագաւորին կողմէ եւ, այնուհետեւ, Եւրոպայի դռները բացուեցան հայազգի պաշտօնատարին առջեւ։
Առաջին իսկ առիթով՝ Իգնատիոս մեկնեցաւ Փարիզ, ուր կատարելագործեց իր բանասիրական աշխատասիրութիւնները։ Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի վկայութեամբ՝ Փարիզը վերջնականապէս նուիրագործեց Իգնատիոս Թոսունեանի բանասիրական-պատմաքննական ասպարէզը։ Ան ընտրեց Իգնատիոս Մուրատճայ Տ'ՕՀՍԸՆ գրչանունը եւ լոյս ընծայեց, 1787-1790 տարիներուն, «Ընդհանուր Պատկեր Օսմանեան Հարստութեան» երկհատոր պատկերազարդ աշխատասիրութիւնը, որ բանասիրական լայն ընդգրկումով եւ քննական մօտեցումով գիտական ներկայացումը կը կատարէր Մերձաւոր Արեւելքի թրքական, արաբական եւ պարսկական պատմութեան։
Գործը անմիջապէս մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ, իսկ Տ'ՕՀՍԸՆ Պոլիս վերադարձին արժանացաւ, սուլթան Սելիմ Գ.ի կողմէ, մեծ պարգեւի ու բարձր պատիւի։
1792ին ան հետազօտական աշխատանքով գնաց Ս. Ղազար կղզին եւ մօտէն ծանօթացաւ Մխիթարեան Միաբաններու բանասիրական ու պատմաքննական հարստութեան՝ կատարելագործելու համար Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ իր հաւաքած գիտական պաշարը։ Հայր Միքայէլ Չամչեան եւ Հայր Ղուկաս Ինճինիեան օգնեցին իրենց «պանդուխտ» ազգակիցին, որպէսզի նաեւ հայկական աղբիւրներով հիմնաւորէ արեւելքի պատմութեան իր ճանաչողութիւնը։
Սուրբ Ղազարէն յետոյ Տ'ՕՀՍԸՆ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր երկրորդ ամուսնութիւն մը կնքեց, այս անգամ օտարուհիի մը հետ։ Դիւանագիտական ծառայութենէ հանգիստի կոչուեցաւ եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ բանասիրական աշխատանքի։
Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան փոթորկալի ժամանակաշրջանին զուգադիպեցան Տ'ՕՀՍԸՆի կեանքին վերջին տարիները։ Հայազգի գործիչը չէր կրնար անտարբեր մնալ աշխարհասասան այդ յեղափոխութեան նկատմամբ եւ կենսագիրները կը վկայեն, որՏ'ՕՀՍԸՆ ուղղակի գործակիցը դարձաւ Եագոբեաններուն։ Իբրեւ այդպիսին շնորհազուրկ եղաւ սուլթանին կողմէ եւ հռչակուեցաւ «անբաղձալի տարր» Օսմանեան Կայսրութեան աչքին...
Մինչեւ 1807 թուականի Օգոստոս 27ի իր մահը, Իգնատիոս Մուրատճայ Տ'ՕՀՍԸՆ տենդագին աշխատեցաւ իր պատմագիտական գործերը ամբողջացնելու վրայ։ 1804ին լոյս ընծայեց «Պատմական Պատկեր Արեւելից» երկը, որ Պարսկաստանի պատմութեան նուիրուած է եւ կը ներկայացնէ մինչեւ եօթերորդ դար պարսկաց ազգային-հասարակական հոլովոյթը։
Իսկ անաւարտ մնացած իր գործերը ամբողջացուեցան ու առանձին հատորներով լոյս ընծայուեցան իր զաւկին կողմէ, որ նոյնպէս Շուէտի դեսպան էր, բայց Պրիւքսէլի թագաւորութեան մօտ։ Ասպետ Կարոլոս իր հօր գործերը աւարտի հասցուց եւ լոյս ընծայեց յաջորդաբար 1821 եւ 1828 թուականներուն՝ «Պատմութիւն Մողոլաց» եւ «Կովկասեան ազգաց Սեւ եւ Կասպից ծովերուն հիւսիսային երկիրներու վրայ -10րդ դարուն» անուններով։
«Թրքահայ»ու նախատիպը հանդիսացող «Օսմանահայ»ու յատուկ պարագայ մը կրնայ համար-ւիլ Իգնատիոս Թոսունեան աւազանի անունով կնքուած, բայց 18րդ դարու եւրոպական իրականութեան մէջ Իգնատիոս Մուրատճայ Տ'ՕՀՍԸՆ գրչանունով հռչակի տիրացած հայազգի այս հեղինակութիւնը, որուն մահուան 207րդ տարելիցն է այսօր։

Ն.