Օգոստոս 25ի այս օրը, ութ տարի առաջ, խորաթափանց իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ գրականութեան լուսաշող դէմքերէն Սիլվա Կապուտիկեան։
25 Օգոստոս 2006ին, քաղաքամայր Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ու կորսուած անկիւնները, սուգ բռնեցին հացի եւ լոյսի համար հանապազօրեայ պայքար մղող հայ մարդիկ, որոնք իրենց սրտերուն մէջ եւ շրթներուն վրայ աղօթքի վերածած էին «Խօսք իմ որդուն» անուն պատգամը հայ մեծ բանաստեղծուհիին.
Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ ո՛ւր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանա՛ս...
Հայ գրականութեան մայրական շունչն ու կանացի իմաստութիւնը ինքնատիպ գրաւչութեամբ ու ար- ժանաւորապէս մարմնաւորած Սիլվա Կապուտիկեան մեր աշխարհէն հեռացաւ այնպէ՛ս, ինչպէս ապրած էր ի վերուստ իրեն շնորհուած 87ամեայ կեանքի ընթացքին. Հայաստան աշխարհով ու հայկականութեամբ բաբախեց անոր յուզաշխարհը՝ ազգային մեր արժէքներուն պաշտամունքը սրբազան հաղորդութեան վերածելով աշխարհասփիւռ հայ մարդոց համար։
Սիլվա Կապուտիկեան ողջ հայութեան վիշտն ու երազները, սէրն ու ցաւերը իր էութեան եւ հայեացքին մէջ խտացուց՝ հարազատ թարգմանն ու սրտամօտ երգիչը դառնալով ամէն հայու։
Վանեցի ծագում ունէր եւ 1915ի Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին մասնակից Բարունակ Կապուտիկեանի դուստրն էր 20 Յունուար 1919ին Երեւան ծնած Սիլվա Կապուտիկեանը, որ իր ամբողջ կեանքը անցուց Երեւանի մէջ, նոր դարու եւ նոր ժամանակներու ոգիով հնչեցուց հայ կնոջ ու մօր քնա- րական ձայնը, նոյնքան արդիական եղաւ Հայ Մտքին առջեւ հորիզոն բանալու իր խոհականութեամբ. եւ ի՛նչ որ գրեց ու հանրային պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրք ալ գրաւեց՝ շարունակ հաւատարիմ մնաց վանեցի իր արմատներուն եւ, այդ ճամբով, միշտ ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայ ժողովուրդի արհաւիրքակեդրոն ներաշխարհը...
Այդ աստիճան խոր ակունքէ բխեցաւ հայրենիքի սէրը Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութեան մէջ, որուն անկորնչելի գոհարներէն է անպայման Հայաստան Աշխարհին նուիրուած «Մեր Սէրը» քերթուածը.
Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու մե՛րը եղար ու մերը չեղա՜ր,
Դրա համար էլ մենք քեզ սիրեցինք սիրահարի՝ պէս...
Դու մե՛րը եղար,
Ինչպէս որ մերն է մեր երակներում հոսող արիւնը,
Եւ մերը չեղար,
Ինչպէս մերը չէ Վարագայ սարի արեւածագը,
Սասնայ անտառին իջնող մանանան,
Մշոյ դաշտերը շոյող սօսափը ...
Դու մօտի՛կ եղար՝
Սրտիդ տրոփը մեր կոշտ ձեռքերին հաղորդելո՜ւ չափ,
Եւ հեռու եղար՝
Սահմանից այն կողմ
Անիի կարմիր աւերակներից մեզ երեւացող
Մայր տաճարի՜ պէս:
Դու տաք հո՜ղ եղար՝
Մեր պիրկ խոփերի տենչանքին հլու,
Մեր գգուանքներից ծլարձակող հո՜ղ,
Եւ միրաժ եղար
Կապույտ, անշօշափ ու անբռնելի,
Մենք՝ անվերջ հասնո՛ղ,
Իսկ դու՝ հեռացո՛ղ, անվերջ հեռացո՜ղ...
Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու այդպէ՛ս եղար,
Եւ դրա համար մենք քեզ սիրեցինք
Ո՛չ հարազատի հանդարտիկ սիրով,
Այլ՝ սիրածի՛ պէս, սիրահարի՜ պէս.
Ցաւո՛տ, ցաւախա՜ռն
Երազով, լույսով, երգող տխրութեամբ,
Մերթ խռովելով,
Մերթ հաշտուելով,
Քո գրկո՛ւմ անգամ՝ քեզ կարօտելո՛վ,
Քեզ կորցնելու ահից՝ տագնապա՛ծ,
Քեզ ունենալու խինդից՝ երջանի՜կ,
Եւ բախտիդ համար անվերջ, ամէն պահ մեռնել-ապրելո՜վ...
Հայաստա՜ն աշխարհ...
1935ին լոյս տեսած իր առաջին ոտանաւորէն մինչեւ 21րդ դարու առաջին տարիները լոյս տեսած իր գործերը, ինչպէս 2002ին հրատարակուած «Իմ կածանը աշխարհի ճանապարհներին» մտորումները, Սիլվա Կապուտիկեան բեղուն գրիչ ունեցաւ։ Տասնեակաւոր գրքոյկներու եւ հատորներու ժառանգութիւն մը թողուց մեր սերունդներուն։ Եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի վերջերուն գրուած իր «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութենէն սկսեալ, քնարերգակ բանաստեղծուհին անմիջապէս գրաւեց սիրտն ու միտքը մեր ժողովուրդին՝ աշխարհի չորս ծագերուն, որովհետեւ Պատգամ ունէր նորայայտ բանաստեղծուհին եւ օժտուած էր իր պատգամը ամենայն քնարականութեամբ, պարզութեամբ ու խոհականութեամբ սերունդներուն կտակելու, Հայու Հոգին յաւերժ ջերմացնելու շնորհալի տաղանդով։
Ամէն բանէ առաջ եւ վեր սիրոյ բանաստեղծը եղաւ Սիլվա Կապուտիկեան, որուն սրտաբուխ ստեղծագործութիւնները ժողովրդական սիրուած երգ դարձան հայոց սերունդներուն համար, ինչպէս հանրածանօթ հետեւեալ երգը.
Այնպէս անփոյթ, այնպէս հանգիստ
Անցնում ես իմ տան մօտով,
Մինչ ես ուրիշ տներում իսկ
Քեզ եմ փնտռում կարօտով։
Ասում են, թէ մոռացել ես, չեմ հաւատում, իմ անգին,
Պարզապէս դու հեռացել ես, մօտս թողել քո հոգին։
Եւ այնպէս հեշտ, այնպէս հանգիստ
Մատնում ես ինձ աշխարհին,
Մինչ դողում է որպէս երդում
Անունդ իմ շուրթերին։
Ասում են, թէ ինձ դաւել ես, չեմ հաւատում, իմ անգին,
Պարզապէս դու խռովել ես ու տանջում ես իմ հոգին։
Անցնում ես դու ու չես նայում,
Մինչ ես կագնած մոլորուն,
Քեզ աչքերիս մէջ եմ պահում
Ու տանում եմ հետս տուն
Ասում են, թէ սէրը սուտ է, չեմ հաւատում, իմ անգին,
Առանց սիրոյ տունս ցուրտ է, արի շունչ տուր կրակին։
Միաժամանակ գիտական պատրաստութիւն ունէր. աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանի լեզուագիտութեան բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի Կորքիի անուան գրականութեան կաճառը։
Նաեւ ազգային-հասարակական ու քաղաքական գործիչ եղաւ Սիլվա Կապուտկեան։ 1941էն սկսեալ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ էր, իսկ 1945ին անդամագրուած էր Համայնավար կուսակցութեան։ Զոյգ հանգամանքներով՝ երկար տարիներ գտնուեցաւ պատասխանատու պաշտօններու վրայ. թէեւ պարտաւորուեցաւ իր տուրքը վճարելու խորհրդային կարգերուն, բայց առիթները ստեղծեց, որպէսզի կարենայ իր խղճի պարտքը կատարել հանդէպ բազմաչարչար հայութեան՝ խիզախօրէն դրօշակիրներէն մէկը դառնալով Հայ Դատի պահանջատիրութեան, խորհըրդային ժամանակներէն իսկ։
Այդ ներշնչումով ալ, հայ քաղաքական մտքի անդաստանէն ներս եւս Սիլվա Կապուտիկեան ունեցաւ շռընդալից մուտք, երբ 1964ին լոյս ընծայեց «Քարաւանները դեռ քայլում են» ուղեգրութիւնը, ուր թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մերկացումը կատարեց ու տարագիր հայութեան ուղղեց հայրենիքին մէջ համախմբուելու եւ հայրենի պետականութեան շուրջ միաւորուելու պատգամը։
Դէպի սփիւռքեան հայօճախները կատարուած իր պարբերական այցելութիւններով եւ երբեմն երկարատեւ ուղեւորութիւններով՝ Կապուտիկեան ոչ միայն մօտէն ճանչցաւ Հայկական Արտերկիրը եւ շատ բան վերատեսութեան ենթարկեց խորհրդահայու իր ներաշխարհին մէջ, այլեւ՝ հայրենիքը աւելի հարազատ ու ճանաչելի դարձուց սփիւռքահայութեան։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ երբ զարթնումի ժամը հնչեց Արցախեան Պահանջատիրութեան ճակատներուն վրայ, 1980ականներու երկրորդ կիսուն, Սիլվա Կապուտիկեան ազգային-հասարակական գործիչը հաստատակամ կանգնեցաւ Արցախի Հայաստանին միացնելու համաժողովրդական շարժման յառաջապահ դիրքերուն վրայ, իբրեւ աննկուն դրօշակիր։
Այս բոլորով՝ Սիլվա Կապուտիկեան իրաւամբ արժանացաւ հայ գրականութեան մայր թագուհիի գահին։
Իր մահուան տարելիցին առիթով հայ մարդիկ, աշխարհի չորս ծագերուն, անպայման երգ մը եւ պատգամ մը պիտի գտնեն Սիլվա Կապուտիկեանի թանկարժէք ժառանգութենէն՝ ջերմացնելու, շնչաւորելու եւ յաւերժին հաղորդ դարձնելու համար անցաւոր իրենց այսօրը։
Ինչպէս որ մեծ բանաստեղծը ի՛նք պիտի աղերսէր հայոց վեհափառ Արարատին, «Աղօթք Արարատին» խորագրով իր բանաստեղծութեան մէջ, հայ մարդիկ այսօր ամէնուր պիտի արձագանգեն.-
Ինձ օրինա՜կ տուր՝
Տառապանքի մէջ մնալ վեհապա՜նծ,
Եւ գերութեան մէջ տիրակա՜լ լինել։
Ն.