Օգոստոս 28ի այս օրը կը լրանայ մահուան 36րդ տարելիցը հայ գրականագիտութեան արժանաւոր նուիրեալներէն Սողոմոն Սողոմանեանի։

Խորհրդային կարգերու տակ կազմաւորուած հայ գրականագէտներու ամբողջ սերունդի մը երախտաշատ ներկայացուցիչներէն եղաւ Արցախի այս զաւակը, որ իր մտաւորական պաշարն ու գիտական պատրաստութիւնը ի սպաս դրաւ Երկաթէ Վարագոյրով աշխարհէն առանձնացուած հայ սերունդներու հոգեմտաւոր կրթութեան ու զարգացման։

Սողոմոն Սողոմոնեան բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր էր եւ Խորհրդային Միութեան Գրողներու Միութեան անդամ 1938 թուականէն սկսեալ։ Տասնամեակներու վրայ երկարած գրականագիտութեան դասախօսի իր բեղուն ծառայութեան ու մտաւորական վաստակին համար, 1967ին, ան արժանացաւ Խորհրդային Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչի եւ պրոֆեսորի տիտղոսին։
Ծնած էր 1907ի Սեպտեմբեր 3ին, Արցախի Գետաշէն գիւղը։ 1928ին աւարտած էր Պաքուի թիւ 22 իննամեայ դպրոցը, իսկ 1931ին՝ Երեւանի պետական համալսարանի պատմագրական բաժանմունքը: 1931էն 1933 աշխատած էր Աշտարակի մէջ, սկիզբը իբրեւ ժողովրդային կրթութեան բաժնի վարիչ, ապա՝ իբրեւ «Այգեգործ» թերթի քարտուղար: 1933ին մեկնած էր Լենինկրատ, ուր ուսանած եւ աւարտած էր գեղարուեստագիտութեան պետական ակադեմիայի արեւմտաեւրոպական գրականութեան բաժինը։
Այնուհետեւ Հայաստան վերադառնալով՝ Սողոմոն Սողոմանեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ դասախօսական աշխատանքի՝ Երեւանի մանկավարժական հիմնարկին մէջ պաշտօնավարելով նախ իբրեւ բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն, ապա՝ իբրեւ արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի վարիչ ու եւրոպական գրականութեան աւագ դասախօս: Միաժամանակ ան դասախօսութիւններ տուաւ Երեւանի պետական համալսարանին ու Վ. Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու մանկավարժական հիմնարկին մէջ։
Իր սերնդակիցներուն նման Սողոմոնեան եւս, 1941էն մինչեւ 1946, զին-ւորական ծառայութեան կոչուեցաւ խորհրդային բանակին մէջ եւ մասնակցեցաւ այսպէս կոչուած «Հայրենական մեծ պատերազմ»ին:
Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, Երեւան վերադարձած, Ս. Սողոմանեան 1946ին երկու տարի ստանձնեց «Սովետական գրականութիւն եւ Արուեստ» ամսագրի խմբագիրի պաշտօնը՝ միաժամանակ վարելով Հայաստանի գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղարի պատասխանատուութիւնը:
Գրականագիտութեան կոչումն ունեցող հայ մտաւորականը նախընտրեց իր ժամանակն ու կարողութիւնները նուիրել գիտական ու դասախօսական աշխատանքի։ 1947ին պաշտպանեց «Ռոմանտիկական դրամայի տեսութիւնը» նիւթով իր աւարտաճառը եւ ստացաւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան:
Քսան տարի աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց թէ՛ իբրեւ համալսարանի դասախօս եւ թէ իբրեւ գրականագիտական աշխատանասիրութեանց հեղինակ։ 1966ին, «Ժամանակակից հայ պոեզիան» նիւթով իր աւարտաճառը պաշտպանելով՝ ան արժանացաւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին: Այդ հանգամանքով ալ, 1971էն մինչեւ 28 Օգոստոս 1978ի իր վախճանը, Ս. Սողոմոնեան ձեռնհասու- թեամբ վարեց Երեւանի պետական համալսարանի արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը։
Հանրագիտարանային աղբիւրներու վրայ հիմնուած այս հակիրճ անդրադարձը, հայ գրականագէտի մահուան տարելիցին առիթով, կ'արժէ եզրափակել անոր հրատարակած աշխատասիրութիւններուն մատենագիտական ցուցակով՝ ընդհանուր գաղափար մը փոխանցելու համար Սողոմոն Սողոմոնեանի գրականագիտական հորիզոնին մասին.
- «Ռոմանտիկական դրամայի տեսութիւնը», Երեւան, 1947, 120 էջ։
- «Եւրոպական գրականութեան ուրուագծեր (Բոկաչիօ, Շիլլեր, Հիւգօ)», Ե., Հայպետհրատ, 1954, 344 էջ:
- «Արդի հայ պոեզիայի մի քանի հարցեր», Ե., 1960, 420 էջ:
- «Արտասահմանեան գրականութիւն», Ե., 1964, 220 էջ:
- «Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, գիրք Ա.», Ե., «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1965, 556 էջ:
- «Ժամանակակից հայ բանաստեղծներ, գիրք Բ.», Ե., «Հայաստան», 1967, 514 էջ:
- «Արտասահմանեան գրականութիւն», Ե., 1969, 178 էջ:
- «Եւրոպական ռէալիզմի պատմութիւնից», Ե., 1974, 486 էջ:
- «Արտասահմանեան գրականութիւն», Ե., «Լոյս» հրատարակչութիւն, 1979, 258 էջ:
- «Արտասահմանեան գրականութեան պատմութիւն», Ե., Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1981, 336 էջ:
Սողոմոն Սողոմոնեանի այս գործերուն մեծ մասը, տասնամեակներ շարունակ, իբրեւ դասագիրք գործածուեցաւ։ Որոշներ այսօր ալ տակաւին կ'օգտագործուին իբրեւ այդպիսին։

Ն.