Արդի հայ գրականութեան անմահ հիմնադիրներու փաղանգին մէջ բարձրադիր իր պատուանդանը ունի արեւելահայ աշխարհաբարի նախակարապետ Խաչատուր Աբովեան, որ լոյս աշխարհ եկաւ 202 տարի առաջ՝ Հոկտեմբեր 15ի այսպիսի օր մը։


Երկար չապրեցաւ Խ. Աբովեան, միայն 39 տարեկան էր, երբ առաւօտ մը դուրս եկաւ իր բնակարանէն եւ անհետ կորսուեցաւ ու անյայտ վախճան մը ունեցաւ, բայց իրեն շնորհուած կեանքի ժամանակը արդիւնաւորեց գրական¬ստեղծագործական եւ մանկավարժական այնքա՜ն հարուստ վաստակով, որ իր անունը անջնջելիօրէն դրոշմեց հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։
Եւ որքան ալ թաւալի ժամանակի անիւը, հայոց սերունդները միշտ վերանորոգ յուզումով պիտի արձագանգեն իր հայաշունչ պատգամին՝
«... Ձեզ եմ ասում, ձե՜զ, հայոց նորահաս երիտասարդք. ձեր անումին մեռնիմ, ձեր արեւին ղուրբան, տասը լեզու սովորեցէք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատը ղայիմ բռնեցէք»:
Խաչատուր Աբովեանի պատգամած այդ ուղիով ալ կþընթանայ, մինչեւ մեր օրերը, հայ մարդոց կեանքը։ Աշխարհի մշակոյթներուն եւ լեզուներուն ճակատաբաց բացուելու եւ տիրապետելու, բայց միաժամանակ հայոց Մայրենիին ու Հաւատքին պաշտամունքի հասնող ջերմեռանդութեամբ փարելու եւ տէր կանգնելու ազգային մեր ինքնահաւատարմութիւնը մեծ չափով պարտական ենք «Հայաստանի Վէրք»ին անմահանուն այս երգիչին։
1809ին տակաւին պարսիկ խաներու գրաւման տակ գտնուող Երեւանի մերձակայ Քանաքեռ աւանի ծնունդ էր Խաչատուր Աբովեան։ Մանուկ տարիքէն ղրկուեցաւ Էջմիածին՝ ուսանելու եւ կուսակրօն դառնալու համար։ 1821ին անցաւ Թիֆլիս, ուր թաղային վարժարան մը յաճախելէ ետք ընդունուեցաւ նորաբաց Ներսիսեան վարժարանը, որուն ուսումնական շրջանը աւարտեց փայլուն արդիւնքով եւ վերադարձաւ Էջմիածին՝ Սարկաւագ ձեռնադրուելու եւ Կաթողիկոսի քարտուղարը դառնալու համար։
Էջմիածնի մէջ իր ապրած տարիներուն, Աբովեան սկսաւ հայրենասիրական ու քնարերգական ոտանաւորներ գրել՝ առաւելաբար գրաբարով։ (Այդ շրջանին կը պատկանի «Կարօտութիւն Նանի Վայելչութեանց Հայրենեաց Իմոյ» խորագրով իր բանաստեղծութիւնը)։ Միաժամանակ խորացան եւ հունաւորուեցան հայրենի հողին ու հայ շինականին նկատմամբ Աբովեանի տածած անհուն սէրը, օտարի տիրապետութեան եւ մահմետական բռնատիրութեան դէմ ազատասէր հայու Աբովեանական ընդվզումին եւ ցասման տարերքը։
Աստիճանաբար արմատաւորուեցաւ նաեւ դարու յառաջընթացին հետ քայլ պահելու՝ խաւարամտութեան անդունդին մէջ ապրող սեփական ժողովուրդը լուսաւորելու առաքելութեան կոչումը Աբովեանի մէջ։ Ապրեցաւ լուռ ու խոր տառապանքը՝ սեփական ժողովուրդին հետ հասկնալի լեզուով գրելու դժուարութեան։ Ծառացաւ իր սերունդին բաժին ինկած այն կաշկանդումին դէմ, որ ստիպուած էր գրաբար հայերէնով գրելու եւ տարածելու ազատասիրութեան ու հայրենասիրութեան իր գաղափարները, մինչ մեր ժողովուրդին մեծագոյն մասը հաղորդ չէր գրաբարին, այլ աշխարհաբարով կը հաղորդակցէր...
Այդուհանդերձ՝ հաւատարիմ մնալով իր համոզումներուն, Խ. Աբովեան ազատասիրական ու հայրենասիրական իր գաղափարները դասաւանդեց Էջմիածնի Վանական դպրոցին մէջ՝ մէկ կողմէ արժանանալով իր ուսանողներու պաշտամունքին, իսկ միւս կողմէ նշաւակ դառնալով իր պաշտօնակիցներու դատապարտանքին ու հալածանքին, իբրեւ տարօրինակ եւ վնասակար գաղափարներու տարածիչ։
Վրայ հասաւ 1828ի ռուս¬թրքական պատերազմը եւ Աբովեան մեծ խանդավառութեամբ փարեցաւ քրիստոնեայ ռուս ժողովուրդին հետ Հայաստանի միացման գաղափարին։
Բայց 1829ին Արարատ Լերան գագաթը մագլցելու իրեն ընծայուած հնարաւորութիւնն էր, որ իսկական դարձակէտ մը կազմեց Խաչատուր Աբովեանի կեանքին ու գործունէութեան մէջ։
Էսթոնիայի Դորպատի համալսարանէն փրոֆ. Պարրորտ Երեւան ժամանած էր եւ Արարատը մագլցելու համար իրեն ընկերակցող հայ մը կը փնտռէր։ Խաչատուր Սարկաւագ կամաւոր ներկայացաւ, բայց Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի արգելքին բախեցաւ, որովհետեւ այդ օրերուն «սրբապղծութիւն» կը նկատուէր Սուրբ Լերան կատարը մագլցելու որեւէ փորձ։
Աբովեան չենթարկուեցաւ Կաթողիկոսի արգելքին եւ ընկերակցեցաւ Պարրոտին ոչ միայն «Դէպի Լեառն Մասիս», այլ նաեւ այնուհետեւ մինչեւ Դորպատի համալսարան, ուր կատարելագործեց իր ուսումը լեզուներու՝ ռուսերէնի, գերմաներէնի, որոշ չափով ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի մէջ։
Երբ 1836ին վերադարձաւ Երեւան, Աբովեան դիմումներ կատարեց նորօծն Յովհաննէս Կարբեցի Կաթողիկոսին, որպէսզի Էջմիածնի մէջ արդիական դպրոց մը հիմնէ, գիւղական ուսուցիչներ պատրաստելու համար։ Ոչ միայն ընդառաջում չգտաւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական վարժարաններու դռները փակուեցան ուսուցչութեան դիմում կատարող Աբովեանի առջեւ։ Ստիպուեցաւ Թիֆլիս մեկնիլ եւ պետական ուսուցիչ դառնալ։
Ահա այդ պայմաններուն մէջ՝ հալածանքի, ապրուստի դժուարութեան եւ ակամայ օտար երեխաներու դասաւանդութեան լծուելու պարտադրանքին տակ, Աբովեան ապրեցաւ ստեղծագործական իր երկունքի կարեւորագոյն շրջանը, որուն ծնունդն ու անմահ կոթողական վկան եղաւ 1840ին աւարտած իր «Վէրք Հայաստանի»ն։
Դիւցազնավէպի կը նմանի «Վէրք Հայաստանի»ն, որ թէեւ վիպական կուռ մշակում չունի, բայց բանաստեղծական իր կրակով եւ ընթերցողի սիրտն ու միտքը վարար հոսանքի մէջ առնող¬տանող իր հուժկու թափով՝ անկրկնելի բարձունք մը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ։
Աշխարհաբարով եւ քանաքեռի բարբառով գրուած՝ նոյնպէս քանաքեռի ծնունդ Աղասիի կերպարով հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան նոր դարաշրջանի դրօշակիրը քանդակած Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն համակ պաշտամունքն է հայ լեզուին, հայրենի հողին, քարին ու ջուրին, երգին ու հաւատքին, այլ մանաւանդ հայ շինականին, անոր բարութեան եւ ազնուութեան, նուիրումին ու արժանաւորութեան։
Իրաւամբ ըսուած է, որ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ն հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի «Նարեկ»ն է։
Հայու ազատատենչ ոգին ու լուսաւոր միտքը սանձազերծող անմահ գործ մը, որուն կերտիչը իր կենդանութեան հալածուեցաւ հայ թէ ռուս իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ 1848ի Ապրիլի 2ին վաղ առաւօտեան իր տունէն դուրս եկաւ եւ անյայտ ուղղութեամբ գնաց՝ այլեւ երբեք չվերադառնալու համար, անհետ կորսուելով։
Որոշ կենսագիրներ կը պնդեն, թէ Խաչատուր Աբովեան Արարատ լեռը բարձրացաւ եւ կորսուեցաւ։
Ուրիշներ կը պաշտպանեն այն վարկածը, որ ցարական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուեցաւ եւ Ռուսաստանի խորերը աքսորուեցաւ ու անհետ կորաւ։
Իսկ Խաչատուր Աբովեանի արժանի հոգեզաւակը հանդիսացող Ակսէլ Բակունց կը հաւատայ, որ Ազատութեան մեծ երգիչը գնաց Ֆրանսա՝ միանալու 1848ի յեղափոխութեան մեծ շարժումին։
Բայց ինչ որ ալ ըլլայ բուն իրականութիւնը, Խաչատուր Աբովեան միայն մարմնով հեռացաւ հայ ժողովուրդի սրտէն ու մտքէն։
Առյաւէտ նուաճեց իր անփոխարինելի տեղը Հայ Հոգիին մէջ։
Թէեւ 163 տարի անցած է, բայց մինչեւ այսօր դեռ լրիւ ու ստուգապէս վերծանուած չէ առեղծուածը արդի Խաչատուր Աբովեանի անյայտ վախճանին։
Նաեւ իր ծննդեան տարեթիւը ճշգրտուած չէ եւ 1803էն մինչեւ 1809ը կը յիշատակուին իբրեւ իր ծննդեան տարին։
Իսկ Խաչատուր Աբովեան ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ամէնէն խորհրդաւոր եւ բարացուցական առանձնայատկութիւնը այն է, որ հայ գրականութեան մէջ նոր դարաշրջան բացող իր կոթողական գործը՝ «Վէրք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի» անմահ ստեղծագործութիւնը, 1840ին գրուած ըլլալով հանդերձ, ամբողջ 18 տարի ձեռագիր վիճակի մէջ մնաց։ Թէեւ ամբողջ այդ ժամանակաշրջանին ձեռքէ¬ձեռք խլուեցաւ ու յափշտակութեամբ կարդացուեցաւ, բայց միայն 1858ին, Աբովեանի անյայտ վախճանման 10ամեակին առիթով, լոյս տեսաւ տպարանէն Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին, որուն առաջին շրջանաւարտներէն եղած էր անկրկնելի Աբովեան։
Իր ծննդեան տարեդարձին առիթով կþարժէ բանալ «Վէրք Հայաստանի»ի յառաջաբանը եւ վերանորոգուիլ Աբովեանական անշէջ կրակով՝ սեփական ժողովուրդին հասկնալի հայերէնով հայոց հարուստ ժառանգութիւնն ու հպարտութիւնը հոգիներուն խորը արմատաւորելու հուրով.-
«Ո՛չ քսան, երեսուն տարուց աւելի ա, իմ ազիզ հէ՛ր, իմ սիրելի ա՛զգ, որ սիրտս կրակ ա ընկել. էրւում, փոթոթւում ա, գիշեր-ցերեկ լացն ու սուգ իմ աչքիցս, ա՜խն ու ո՜խը իմ բերնիցս չի՛ պակսում, ա՜յ իմ արիւնակից բարեկամք, որ մէկ միտքս ու մուրազս ձեզ պատմէի ու յետոյ հողը մտնէի։ Ամէն օր գերեզմանս առաջիս տեսնում էի, ամէն սհաթ մահուան հրեղէն սուրը գլխիս պտտում էր, ամէն րոպէի ձեր սիրտն ու դարդը հոգիս էրում, մաշում էր. լսում էի ձեր քաղցր ձէնը, տեսնում էի ձեր սիրուն երեսը, իմանում էի ձեր ազնիւ միտքն ու կամքը, վայելում էի ձեր ազիզ սէրն ու բարեկամութիւնը, մտածում էի ձեր կորցրած փառքն ու մեծութիւնը, մեր առաջին, է՛ն հիանալի թագաւորաց, իշխանաց գործքն ու կեանքը, մեր Հայրենեաց, մեր սուրբ աշխարքի առաջուան սքանչելիքն ու հրաշքը, մեր ընտիր ազգի աննման բնութիւնը ու արած քաջութիւնները։
«Մասիս առաջիս էր կանգնած միշտ, որ մատով ցոյց էր տալիս, թէ ի՞նչ աշխարքի ծնունդ եմ ես. դրախտը մտքումս էր կենդանի, որ ինձ, երազում թէ լուրջ, միշտ մեր երկրի անունն ու պատուականութիւնը իմ առաջս էր բերում. Հայկ, Վարդան, Տրդատ, Լուսաւորիչ՝ քնած տեղս էլ ինձ ասում էին, որ ես իրա՛նց որդին եմ, Եւրոպա թէ Ասիա՝ ինձ անդադար ձէն էին տալիս, թէ Հայկայ զաւակն եմ ես, Նոյան՝ թոռը, Էջմիածնայ՝ որդին, դրախտի՝ բնակիչը. դաշտում թէ ժամում, չոլում թէ տան՝ էն քարերն էլ ուզում էին, որ սիրտս պոկեն, հանեն, ուրտեղ որ իմ ազգի ոտը կոխել ա ու էսօր էլ կոխում ա. շատ անգամ, մէկ հայ տեսնելիս, ուզում էի էլած շունչս էլ հանեմ, նրան տամ.- բայց, ա՜խ, լեզուս փա՛կ էր, աչքս՝ բա՛ց, բերանս՝ բռնա՛ծ, սիրտս՝ խո՛ր, ձեռս՝ պակա՛ս, լեզուս՝ կարճ. գանձ չունէի, որ գործով ցոյց տայի ուզածս. անունս մեծ չէր, որ ասածս տեղ հասնի. մեր գրքերն էլ գրաբառ, մեր նոր լեզուն էլ՝ անպատիւ, որ սրտիս հասրաթը խօսքով յայտնէի. հրամայել չէ՛ի կարող, խնդրէի, աղաչէի էլ՝ լեզուս մարդ չէ՛ր իմանալ, չունքի ես էլ էի ուզում, որ ինձ վրայ չծիծաղին, չասեն՝ կոպիտ ա, յիմար ա, որ քերականութիւն, ճարտասանութիւն, տրամաբանութիւն չգիտի. ես էլ էի ուզում, որ ասեն. «Օ՜հ, էնպէս խորը, խրթին շարադրել գիտի, որ սատանեն էլ միջիցը մէկ բառ չի՛ կարող իմանալ, հասկանալ»։ Ես էլ էի ուզում, որ իմ գլուխս ցոյց տամ, որ ինձ վրայ զարմանան ու ինձ գովեն, թէ հայերէն շատ խոր տեղակ եմ։ Ով մէկ լեզու գիտի, ես մէկ քանիսը գիտեմ, ի՞նչ գիրք ասես, որ չեմ սկսել թարգմանիլ ու կիսատ թողալ, ոտանաւոր, շարադրութիւն հօ՛, էնքան եմ գրաբառ գլխիցս դուրս տուել, որ մէկ մեծ գիրք էլ է՛ն կը դառնայ»։

Ն.