50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի քառասնամեակին առթիւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն հրատարակած է ողջոյնի խօսք մը՝ գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններով, ուր ի միջի այլոց կþըսէ.- Քառասուն երկարաձիգ տարիներու բեղուն վաստակով բեռնաւոր, «Յառաջ» ճակատաբաց կը ներկայանայ տարագիր հայութեան առջեւ՝ իր առաքելութիւնը խղճմտօրէն կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ: Անհրաժեշտ պահանջ մըն էր հրատարակութիւնը թերթի մը, որ առաջնորդ հանդիսանար ֆրանսահայ գաղութին, համադրէր անոր ճիգերը, արձագանգ ըլլար զանազան մարզերու մէջ անոր կատարած ձեռնարկներուն եւ ազգապահպան փորձերուն: Որ մանաւանդ վառ պահէր հայրենասիրական հուրը տարագիր բազմութեանց հոգիներուն մէջ: «Յառաջ» ծնունդն եղաւ այդ պահանջին: Հասաւ ճիշդ իր ժամուն: Շաւարշ Միսաքեան, «Ազատամարտ»ի հին սերունդէն, հրաշքով ճողոպրած Մեծ եղեռնէն, ստիպուեր էր հեռանալ Պոլսէն, քեմալական յաղթանակէն ետք, լքելով «Ճակատամարտ»ը, զոր կը խմբագրէր զինադադարէն ի վեր: Հաստատուած Փարիզ՝ իբրեւ անդամ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, կուսակցութեան հաւանութեամբ նախաձեռնեց հրատարակելու «Յառաջ»ը՝ լոյս քաղաքին մէջ վերակենդանացնելով համանուն թերթը, որուն խմբագիրն էր եղած Էրզրումի մէջ տարի մը, 1911-1912: 1925 Օգոստոսի սկիզբը լոյս կը տեսնէր «Յառաջ»ի առաջին թիւը՝ ստեղծելով ընդհանուր խանդավառութիւն: Ուրախ էին մանաւանդ երիտասարդները, որբանոցներէն ելած եւ Ֆրանսայի ագարակներուն մէջ տաժանելի աշխատանքի դատապարտուած բեկորները, որոնց համար միութեան կապ ու քաջալեր դարձաւ անիկա: «Գաւառի ձայներ»ը խոր արձագանգ գտան «Յառաջ»ի էջերուն մէջ: Փարիզաբնակ մտաւորական ծանօթ ընկերներ իրենց անվերապահ աշխատակցութիւնը բերին թերթին՝ պարբերական գրութիւններով: «Յառաջ» մասնաւոր հոգածութիւն ցոյց տուաւ երիտասարդութեան հանդէպ: Իր էջերուն մէջ լայն տեղ տուաւ երիտասարդ գրողներու եւ քաջալերեց զանոնք: