- Երեւանի թանգարաններու համաստեղութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունի Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանը, որ կոչուած է իր բազմահազար այցելուներուն ծանօթացնելու հինաւուր Երեւանի անցեալը, գեղեցիկ ներկան եւ հիանալի ապագան։ Իր գոյութեան 32 տարիներու ընթացքին թանգարանը աճած, հարստացած եւ դարձած է մշակոյթի օճախներէն մէկը։ Թանգարանի հին եւ նոր աշխատողներու ջանքերով հաւաքուած ու մշակուած են արժէքաւոր շատ նմուշներ եւ նիւթեր, որոնց թիւը կը հասնի 1700ի։ Սրահներուն մէջ ցուցադրուած են աւելի քան 1600 նմուշներ, որոնք անձայն կը խօսին մեր արեւավառ մայրաքաղաքի բազմադարեան պատմութեան մասին։ Շատ մը Երեւանցիներ տարբեր ժամանակներու ընթացքին, թանգարանին յանձնած են քաղաքի պատմութեան լուսաբանման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող նիւթեր,¬ հին լուսանկարներ, թերթեր ու գրքեր, քանդակներ ու կենցաղային իրեր, դրամներ ու մետալներ...։ Թանգարանի հարստացման մեծ չափով օգնած են նաեւ դպրոցականներն ու ուսանողները, շինարարութեան բնագաւառին մէջ աշխատող բանուորները եւ այլ զբաղմունքի տէր մարդիկ։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի պրոնզաձոյլ արձանին բացման արարողութիւնը, ի ներկայութեան պաշտօնական դէմքերու, գրողներու, արուեստագէտներու եւ բազմաթիւ քաղաքացիներու։ Բանաստեղծին արձանը հաստատուած է իր անունը կրող նոր փողոցի մը հրապարակին կեդրոնը։ Արձանին բացումը կատարած է Հայաստանի մայրաքաղաքի քաղաքապետ Գրիգոր Հասրաթեան։ Արձանը՝ գործն է 42 տարու քանդակագործ Սերգէյ Պաղտասարեանի, որ պատրաստած էր Երեւանի Պանթէոնին մէջ Իսահակեանի գերեզմանին վրայ զետեղուած յուշարձանն ալ։ Նոր արձանը Վարպետը կը ներկայացնէ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ խորասուզուած ձեւով։