- Լենինականի «Մռաւեան» պետական թատրոնը գիւղերու աշխատաւորութիւնն ալ մատակարարելու առաջադրութեամբ, Յուլիսի սկիզբէն մինչեւ հիմա ներկայացումներ տուած է Արթիկի եւ անոր շրջակայ՝ Հոռոմ, Փանիկ, Պեմզաշէն եւ Սպիտակի շրջանի՝ Չիգգամալ, Կաթնաջուր, Ախուրեանի շրջանի՝ Ազատան եւ այլ գիւղերու մէջ։ Այս շրջաններուն մէջ ներկայացուած է «Քաջ Նազար», «Սօս եւ Վարդիթեր», «Խանդից պատուհաս», «Հեղնար աղբիւր» եւ այլ թատերական կտորներ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընդունուած են ունկնդիրներու կողմէ։
- Բեմադրիչ Լ. Վաղալշեան վերջին պատրաստութիւնները տեսած է նկարահանելու համար «Մարտիրոս Սարեան» ֆիլմը, որուն սենարիոն գրած է Իլիա Էհրենպուրկ։ Խորհ. Միութեան ականաւոր նկարիչին նուիրուած առաջին երկար մեթրաժի ֆիլմն է այս, որ մօտ ատենէն պիտի երեւայ Խորհ. Միութեան սինեմայի պաստառներուն վրայ։ Վաւերագրական գունաւոր ֆիլմը կþոգեկոչէ Սարեանի 50 տարուան ստեղծագործական ուղին։ Դիտողները ոչ միայն պիտի կարենան հիանալ վարպետին հոյակապ գործերուն վրայ, այլեւ պիտի թափանցեն անոր արեւավառ ներկապնակի գաղտնիքներուն։ Սարեանի նկարներէն ոմանք այս պահուս կը ճամբորդեն Խորհ. Միութեան զանազան շրջանները, իսկ մօտ ատենէն զանոնք կարելի պիտի ըլլայ տեսնել շատ մը արտասահմանեան երկիրներու մէջ։